
«Թերթ.ամ» կը փոխանցէ, թէ Ռուսիոյ Սթաւրոբոլ շրջանին մէջ Կիրակի, Յուլիս 28ին ցնցիչ ոճրագործութիւն մը գրանցուեցաւ: Դիմակաւոր զինեալ մը մուտք գործելով հայազգի գործարար Խաչատուր Ղազարեանի Լիսաքորսքայա շրջանին մէջ գտնուող տունը՝ սպաննած է անոր երկու զաւակները՝ Լիանան՝ 11 տարեկան եւ Արսէնը՝ 16 տարեկան:
Յայտնենք, թէ ապահովական մարմինները, որոնք քննութիւն բացած են դէպքին շուրջ, դէպքի պատճառներուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցած են: