Շիքակոյի Կլենվիու շրջանի Հայ կեդրոնին մէջ Կիրակի, Յուլիս 28ին նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 30ամեակը: Առաջին հերթին, տեղւոյն Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեճաշ եւ հաւաք, եկեղեցւոյ «Շահնազարեան» սրահին մէջ: Յատուկ սահիկներով ներկայացուեցան տեսարաններ՝ երեսուն տարի առաջ աշխարհը ցնցած այս դէպքէն:
Շրջանի հովիւ տէր Զարեհ Սահակեան իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ, այս հինգ հերոսները քաջատեղեակ էին թէ, իրենց կատարածը սուրբ գործ մըն էր:
«Ինչ որ պատահեցաւ Լիզպոնի մէջ, արդիւնք էր այդ հինգ երիտասարդներուն իրենց հայրենիքին ու արդար դատի հանդէպ ունեցած ազնուագոյն մօտեցումին ու հայրենասիրութեան անգերազանցելի նուիրաբերումին», ըսաւ տէր Զարեհ Սահակեան:
Խօսք առաւ նաեւ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Կրէկ Պետեան, որ իր խօսքին մէջ արագ ակնարկ մը նետելով այդ օրերու համաշխարհային կացութեան, յայտնեց թէ Լիզպոնի արարքը ահաբեկչութիւն չէր, ոչ անմեղներու սպանութիւն, այլ պարզապէս իրենց կեանքը զոհելու ի գին, հինգ երիտասարդներ որոշած էին փաստել, թէ կարելի չէ ուռանալ ցեղասպանութիւն մը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ճանաչումէն մինչեւ հատուցում:
Պետեան շեշտեց, որ այս արարքով աշխարհը կրցաւ զանազանել այդ օրերուն բազմիցս կատարուած ահաբեկչական արարքները, Լիզպոնի նման արդարութեան համար մղուած հերոսական գործողութիւններէն: Ան շեշտեց թէ այս արարքը պարզ մարդասպանական արարք չէր, այլ ինքնանպատակ սպանութիւն գործելու եւ վրէժխնդրական նկատումներով, քաղաքական արարք մըն էր, աւելցնելով, թէ նահատակութիւնը նկատի առնուած էր եւ այդ ալ վերջին ու գերագոյն միջոցն էր:
Ապա, Նայիրի Յակոբեան, Արմէն Փափազեան, Խաժակ Առաքելեան եւ Մարալ Աբրահամեան կարդացին խօսքեր արտայայտուած հինգ հերոսներուն՝ Սեդրակի, Արայի, Սարգիսի, Սիմոնի եւ Վաչէի կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.