
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեանց ամառնային դաշտահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Օգոստոս 24ին, Սիմոն Կեւրէքեանի բնակարանը, կ.ե. ժամը 4էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10: Մասնակցութեան սակը 25 տոլար է՝ ներառեալ ուտեստեղէն եւ զովացուցիչներ, իսկ ոգելից ըմպելիներ պիտի ծախուին անջատաբար: Ծրագրուած են շարք մը խաղեր:
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել contact@aesa.org հացէին: