ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Կրթութեան եւ ուսման ոլորտին մէջ, ներկայ աշխարհը մասնագիտութիւն կը պահանջէ: Երկար տարիներու ուսուցիչներ կը հարկադրուին վերաորակաւորուելու, այսօրուան աշխարհին չափանիշները լրացնելու համար: Այլապէս, իրենց փորձառութիւնը, տարիներու վաստակը, ունեցած նեղութիւնները եւ նոյնիսկ անձնազոհութեան պատճառաւ կրած զրկանքները պիտի չգնահատուին ըստ արժանւոյն:
Ներկայ ժամանակներուն, վերոյիշեալ մօտեցումը թափանցած է գրեթէ բոլոր ասպարէզներէն ներս, իտէալականէ աւելի՝ իրապաշտ կատարեալ աշխատելաոճ ստեղծելու նպատակով:
Կասկած չկայ եւ միշտ ալ յիշեցում կը կատարուի, թէ՝ մայրն է երեխային առաջին դաստիարակը: Ուսուցիչներ, կրթական մշակներ, դաստիարակներ միայն աճեցնողն են այն ցանքին, որ կը կատարուի տան մէջ, մանուկի ծնողներուն, ու յատկապէս մօր կողմէ:
Դաստիարակութիւնը յոգնութիւն կը դառնայ այն ատեն, երբ սիրոյ ընկերակցութեամբ չի կատարուիր: Մայր դառնալէ ետք տարօրինակ աշխատանքի կը լծուի կին էակը, ուր դժգոհութիւն, նեղութիւն, ժամանակի յատկացում, տրամադրութիւն ու այլ սովորական երեւոյթներ նուազագոյն աստիճանի կ՛իջնեն: Այլապէս դժգոհութիւն արտայայտող կինը, զաւակի խնամքի ընթացքին գրեթէ չ՛արտայայտեր ատիկա: Զաւակի խնամքին ընթացքին կրած նեղութիւնը եթէ այլ աշխատանքի մէջ ունենար, վստահաբար շատ աւելի ծանրակշիռ պիտի զգար ան իր ուսերուն: Իսկ այն անհաշիւ ժամանակը, զոր կը տրամադրեն մայրեր իրենց զաւակներու հոգատարութեան, սովորական իմաստով ըմբռնուած վարձատրութեամբ կարելի չէ՛ գնահատել, որովհետեւ սովորական աշխատանքի պարագային, գիշերուան ժամերը, կամ՝ յետ-աշխատանքային ժամերը շատ աւելի բարձր կը գնահատուին: Իսկ մօր համար անըմբռնելի է, զաւակի խնամատարութեան պարագային, գիշերային ու առաւօտեան ժամերուն միջեւ տարբերութիւն դնելը: Տակաւին, որեւիցէ պատճառով «տրամադրութիւն չունենալ»ու ամէնուր ընդունուած պատճառը, որուն հետեւանքով արձակուրդի իրաւունք ու այլ «փախուստ»ի միջոցներ կրնան ունենալ մարդիկ, երբեք ցանկագրուած չեն ըլլար մօր ցուցակին մէջ, երբ ան լծուած է զաւակներու հոգատարութեան նուիրական գործին:
Իսկ համբերութիւնը…
Դաստիարակութեան անչափելի գործին անսահման զսպանակն է ասիկա: Դաստիարակութեան գործին մէջ համբերութեան չափը, տարողութիւնը, կշիռը ու արժէքը ինքնին անչափելի է: Այս առաքինութիւնն է, որ յատկապէս մօր կազմած ցուցակին գլուխը կը կանգնի, սովորական աշխատանքէ դուրս բերելով դաստիարակութեան գործը, ու զայն դարձնելով անսահման սիրոյ արտայայտութիւն:
Մանկապարտէզի անհանդարտ մանուկներուն շուրջ մինչեւ կէսօր դարձող ուսուցչուհիներու համբերատար աշխատանքը, սովորական «նուիրում» բառով կարելի չէ բացատրել: Այլ, նուիրումի կողմքին պէտք է դնել զոհողութիւնը ու մանաւանդ աստուածապարգեւ համբերատարութիւնը, որ բոլորին տրուած շնորհք չէ՛ այս կեանքին մէջ:
Այս առումով, ահա, համբերատարութեան ախոյեանը՝ մայրը, կը խլէ «աշխատանքային» սոյն բնագաւառին յաղթանակի պսակը, որովհետեւ այն ինչ որ դաստիարակներու եւ կրթական մշակներու համար ժամերու, օրերու եւ սահմանափակ տարիներու վրայ տարածուած պարտաւորութիւն է, մօր համար ատիկա մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը երկարող զոհաբերութիւն է:
Յատկապէս ներկայ ժամանակներու արդիական ուսուցման կերպերը նկատի ունենալով, ոմանք կը պնդեն դաստիարակութեան արուեստ ըլլալը: Նոյնիսկ գերարդիական կերպերը, ուսումնասիրութիւններով ձեռք ձգուած միջոցները, կամ մինչեւ անգամ փորձառութեան ճամբով շահուած ուղղութիւնները, դաստիարակութիւնը չեն կրնար արուեստի մակարդակին իջեցնել… Ճիշդ է, արուեստի մէջ ոգի կը դնէ արուեստագէտը, երբեմն վրձինի կամ մուրճի հարուածներով այնպիսի շարժումներ կը ստեղծէ իր գործին մէջ, որ մեզի կը թուայ թէ գործը հոգի ստացեր է: Սակայն, միայն դաստիարակութեամբ կարելի է իսկական հոգին փոխանցել՝ դաստիարակէն դաստիարակուողին, մա՛րդը կերտելով անոր մէջ:
Իսկ տրուող դաստիարակութիւնը հոգեկերտումի աշխատանքի վերածողը ի՞նչն է, եթէ ոչ՝ սէրը, որու «միջնորդութեամբ» այդ գործը կը վերածուի սիրոյ ծառայութեան, ու անկեղծ ինքնանուիրումի:
Չկարծենք սակայն, որ իսկական կեանքը ամբողջովին այսքան իտէալական է ու անսխալ: Ո՜չ: Իրենց աստուածապարգեւ հոգատար ու համբերատար դերակատարութեան մէջ իսկ թերութիւն արձանագրած մայրերու օրինակները բազմաթի՜ւ են: Այսօրուան աշխարհին մէջ, յատկապէս արեւմտեան երկիրներու երբեմն «ամօթ չունեցող» ընկերութեան կեանքէն ներս, կիներ կրնան ամուսնանալ՝ ամուսնալուծուելու համար, ու իրենց անչափահաս զաւակ(ներուն)ին պատճառաւ կեանքի ապահովութիւն ունենալու նպատակով… Տարօրինակ կրնայ թուալ այս, սակայն գոյութիւն ունեցող պարագաները իրենք կը հաստատեն յիշեալ երեւոյթը: Իրենց աստուածադիր նպատակէն ու առաքելութենէն շեղած մայրեր են անոնք, եւ կարելի է զանոնք կոչել ընկերային կեանքի վիժածներ:
Թէ ինչպիսի՞ն կրնայ ըլլալ նման մայրերու տուած դաստիարակութիւնը իրենց զաւակներուն, անորոշութեան առաջնորդող մե՜ծ հարցական մըն է, որովհետեւ սկիզբէն ծուռ բուսած տունկը, ուղիղ հասակ չի՛ կրնար առնել: Միայն այս պարագային, դաստիարակութիւնը կարելի է նմանցել կեղծ արուեստի, կամ՝ լաւ եւս՝ արհեստավարժ դերասանութեան, որով իբրեւ մայր, անոնք կը յաջողին կատարեալ դերասանութեամբ «դաստիարակել» իրենց անչափահաս զաւակները: Սակայն ասոնց տրուած դաստիարակութեան արդիւնքը չի՛ կրնար դրական ըլլալ: Այլ՝ դաստիարակութեան ճամբով զաւակներուն ստանալիք սիրոյ կրթութիւնը, յարգանքի զգացողութիւնը, պատուի գաղափարը ու բոլոր այն առաքինութիւնները որոնք Մա՛րդը պիտի կազմէին անոնց մէջ, հիմնուած կ՛ըլլան կեղծ սկզբունքներու եւ անոնց թիւը մեկնաբանութիւններուն վրայ, զորս երեխաները կը լսեն ուղղակի իրենց մօրմէն: Սխալ աշխարհայեացքով սնած երեխան, կրնայ վտանգաւոր տարրի վերածուիլ ընկերութեան կեանքին մէջ:
Ծուռ աշխարհայեացք ստացած երեխային վտանգաւոր դառնալու պատճառ է նաեւ անոր անսահմանափակ ինքնավստահութիւնը: Կեղծ դաստիարակութեան ճամբով իրենց սորված «ճշմարտութիւններ»ը, կեանքի մէջ անոնք կ՛օգտագործեն իբրեւ բացարձակ ճշմարտութիւններ, ու հիմնուելով անոնց վրայ՝ որոշումներ կը կայացնեն անյապաղ:
Իսկ ի՞նչ սպասել ապագայ մարդկութենէն, երբ ամուսնալուծուելու նպատակով ամուսնացող կիներու կողմէ կատարուող դերասանութեամբ իրականացուած «դաստիարակութիւն»ը պաշտպաններ ալ կ՛ունենայ, քաղաքակիրթ կոչուած երկիրներու աշխարհաքանդ կազմակերպութիւններէն, որոնք երբեմն մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան անունով կը ճարեն…
Դաստիարակութեան ու սիրոյ առողջ ու աշխոյժ գործակցութենէն կախեալ է մարդկութեան ապագան: Միայն անկեղծ սիրով ու մայրական հարազատ զգացումներով կատարուած դաստիարակութիւնը կրնայ չքացնել աշխարհէն ատելութիւնը, նախանձը, բարկութիւնը եւ դեռ հին ու նոր բազմաթիւ «մահացու մեղք»երը: