«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Մամուլէն տեղեակ ենք, որ Սուրիահայութեան օժանդակութեան համար համահայկական առաջին նախաձեռնութիւնը եկաւ ՀՕՄէն. կարելի՞ է ներկայացնել նախաձեռնութիւնն ու արդիւնքը։
ԶԵՓԻՒՌ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ-ՌԷԻՍԵԱՆ.- Ճիշդ է որ Սուրիոյ մէջ տագնապը ծայր առած էր Մարտ 2011ին, սակայն հայահոծ
բնակչութեամբ քաղաքները՝ Հալէպ, Գամիշլի, Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Քէսապ, մինչեւ 2012ի առաջին քառորդը, լուրջ ընդհարումներու թատերաբեմ չէին։ Անկախ զարգացման հաւանականութեան մտահոգութենէն, տագնապը միայն տնտեսական իր անդրադարձով սկսած էր ճնշելու ընտանիքներն ու հաստատութիւները։ Այս կացութեան ի տես, Կեդրոնական վարչութիւնը հանգամանօրէն սերտելէ ետք օժանդակութեան հնարաւոր ծրագիրները, նպատակայարմար համարեց առաջին հերթին աշխարհասփիւռ իր միաւորներու ճամբով հանգանակութիւն կազմակերպել, ի նպաստ Սուրիոյ մէջ գործող հայկական վարժարաններուն, որոնց հայապահպան դերակատարութիւնը առանցքային է ե՛ւ գաղութի ե՛ւ սփիւռքեան մեր իրականութեան համար։
Վարժարաններու գործունէութեան շարունակութեան նպաստելու, ինչպէս նաեւ ընտանիքներու բեռը թեթեւցնելու հեռանկարով, օժանդակութիւնը վարժարաններու ճամբով յատկացուեցաւ կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներուն։
Մայիս 2012ին հրապարակուեցաւ կոչը եւ կարճ ժամանակի ընթացքին, միաւորներու աշխոյժ աշխատանքին, բայց մանաւանդ համակիրներու վստահութեամբ կատարած նուիրատութեանց շնորհիւ, կարելի եղաւ նկատառելի գումար մը գոյացնել։ Սուրիոյ միաւորը, տեղւոյն Ազգ. իշխանութեանց հետ համախորհուրդ, շնորհակալ բծախնդրութեամբ կատարեց վարժարաններու ցուցակներու պատրաստութիւնն ու յատկացուելիք գումարներու ճշդումը, աւելի ուշ նաեւ գումարներու յանձնումն ու համապատասխան հաշուական արխիւին անհրաժեշտ փաստաթուղթերուն պատրաստութիւնը։ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, տարբեր քաղաքներու մէջ գործող համայնքային թէ միութենական 27 վարժարաններ, ստացան հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի ընդհանուր յատկացումէն իրենց բաժինը։
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Մեր անդամուհիներն ու համակիրները մեծապէս գնահատելով «Տաք ճաշ»ի ծրագիրը, քաջալերական անվերապահ իրենց ներդրումը ունեցան։ Կարելի՞ է յաւելեալ մանրամասնութիւններով ներկայացնել ծրագիրի ծնունդն ու գործնականացումը։
ԶԵՓԻՒՌ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ-ՌԷԻՍԵԱՆ.- 2012ի ամրան վերջաւորութեան երբ Հալէպի մէջ թէժացաւ կացութիւնը, պատերազմական գործողութեանց քաղաքի տարբեր բաժիններու մէջ ծաւալիլը պատճառ դարձաւ, որ մեծաթիւ արհեստանոցներ կամ գործատեղեր փակ մնան, ընտանիքները զրկելով եկամուտի հնարաւորութենէն։ Առաջին 1-2 ամիսներէն ետք, երբ մանաւանդ վրայ հասան նաեւ անհաւատալի թռիչքով սլացող սղութիւնն ու ելեկտրականութեան, կազի ու վառելանիւթի տագնապը, առօրեայ սնունդի խնդիրը, մեծ թիւով ընտանիքներու համար լուրջ դժուարութեան վերածուեցաւ։ Նպաստամատոյց կողմերու բաժնած սննդամթերքի կողովներու պարունակութիւնը տաք ճաշի եւ լիարժէք սնունդի վերածելն իսկ շատերու համար դարձաւ անկարելութիւն։
Կ. վարչութիւնը նկատի ունենալով տեղւոյն միաւորի ճաշի «Փեթակ» վաճառատան խոհանոցային հնարաւորութիւնը, նախագծեց կարօտեալ ընտանիքները տաք ճաշով ապահովելու ծրագիրը։ Շրջ. վարչութեան հետ իրագործման կարելիութեանց գծով խորհրդակցելէ ետք, առաջին նիւթական յատկացումը ինք կատարելով քաջալերեց, որ միաւորը սկսի այս ուղղութեամբ աշխատանքի։ Ապահովական թէ կենցաղային ծանր պայմաններու մէջ, ՀՕՄուհիներու՝ տեղական ընկալեալ անուանումով Խաչուհիներու, անձնուէր աշխատանքին շնորհիւ, 2012ի Նոյեմբերի կիսուն սկիզբ առաւ այս ծրագիրը, որ սկզբնական փորձառական շրջանին, շաբաթական մէկ անգամ 110-125 անձի, մօտաւորապէս 35-40 ընտանիքի տրամադրեց տաք ճաշ։
Փորձի յաջողութեան եւ կարիքէն մեկնած, 2013ի Փետրուարին Կեդրոնական վարչութիւնը դիմեց իր միաւորներուն, որ անկախ սուրիահայութեան ի նպաստ ցարդ ստանձնած իրենց յանձնառութիւններէն եւ գաղութային մարմիններուն մէջ իրենց գործօն ներդրումէն, փորձեն ապահովել այս ծրագիրին համար բարերարներ, եւ կազմակերպական ներքին դասաւորումով, իւրաքանչիւր մասնաճիւղ ստանձնէ գէթ մէկ օրուան ճաշի մատակարարման հովանաւորութիւնը, յատկացնելով 250 տոլար։ Գոհունակութեամբ պէտք է ընդգծել, որ մեր միաւորները այս ծրագիրին եւս անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերեցին։
Որոշ շրջան մը շաբաթական 2 անգամ ճաշ մատակարարուելէ ետք, 5 Մայիսէն ծրագիրը սկսած է իրագործուելու շաբաթական 3 անգամով, իւրաքանչիւր անգամ 100 անձ, այսինքն շաբաթական 300 անձ, աւելի քան 80 ընտանիքներ, կը ստանան բծախնդրութեամբ պատրաստուած տաք ճաշը, որ անկախ սննդային արժէքէն, ունի նաեւ հոգեբանական բարերար անդրադարձ։
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Վերոյիշեալներէն զատ ունեցա՞ծ էք օժանդակութեան այլ նախաձեռնութիւններ։
ԶԵՓԻՒՌ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ-ՌԷԻՍԵԱՆ.- Նկատի առած, որ պատերազմական վիճակի հետեւանքով տեղւոյն միաւորի հասութաբեր նախաձեռնութիւնները դադրած էին աշխատանքէ, տնտեսական լուրջ տագնապի շեմին կանգնեցնելով միաւորը, Կ. վարչութիւնը իր օժանդակութեանց կողքին, աշխատանք տարաւ Հիւսիսային Ամերիկայի միաւորներուն մօտ, սպառելու շրջանի ձեռարուեստի վաճառատան արտադրութիւնները։ Այս նախաձեռնութեամբ, յատկապէս ԱՄՆ Արեւելեան եւ Քանատայի միաւորներու ջանքերով, կարելի եղաւ վաճառատան համար ապահովել շօշափելի եկամուտ, միաժամանակ վաճառատան հետ գործակցող կանանց աշխատանքի, հետեւաբար անոնց ընտանիքներուն եկամուտի հնարաւորութիւն։
ՍՕ Խաչի (Սուրիահայ Օգնութեան Խաչ) վարչական տնօրինման ներքեւ գտնուող Ազգային Պատսպարանի կրած ծանր վնասներուն եւ պատսպարեալներու այլ կեդրոն տեղափոխուելուն իբրեւ հետեւանք, նիւթական յաւելեալ պարտաւորութիւները մասամբ մեղմացնելու հեռանկարով, Ամանորի շեմին, անկախ «Ամանոր» ծրագիրի տարեկան յատկացումէն, Կ. վարչութիւնը 3000 տոլարի բացառիկ յատկացում կատարեց Ազգային Պատսպարանին։ Իսկ «Ամանոր» ծրագիրի ծիրէն ներս 2000 տոլարի արտակարգ յատկացում կատարեց, պատերազմական եւ տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ ընկճուած մանուկներուն տօնական ուրախութիւն եւ նուէրներ տրամադրելու համար. այս յատկացումը Սուրիոյ մեր ընկերուհիներու նուիրեալ ջանքերով վերածուեցաւ մանուկներու յատուկ Ամանօրեայ խրախճանքի, որ գէթ կարճ պահ մը անոնց դէմքերուն գծագրեց ժպիտ ու աչքերուն՝ տօնական հրճուանքի փայլք։
Տնտեսական լուրջ տագնապի մէջ յայտնուած ընտանիքներու աճող թիւը եւ Ռաքքայի ու Եագուպիէի նման վտանգուած փոքր քաղաքներէ եւ գիւղերէ գաղթական դարձած ընտանիքներ հիւրընկալելու հարկադրանքը, տարբեր քաղաքներու մէջ գործող մասնաճիւղերը խնամատարական յաւելեալ օժանդակութեան պարտաւորութեան դէմ հանդիման դրած էր։ Այս պարագան նկատի առած Կ. վարչութիւնը, շրջաններու մասնաճիւղերուն, մանաւանդ Հալէպի մէջ բնակող կարիքաւոր ընտանիքներուն կենցաղային կարիքները հոգալու համար Ապրիլ ամսուան ընթացքին 10,000 տոլար փոխանցեց Շրջանային վարչութեան։
Այս բոլորէն անկախ, կազմակերպական մեր դրուածքի բերմամբ, իւրաքանչիւր միաւոր իր անդամներու թիւին եւ շրջանի հնարաւորութեան համապատասխան նիւթական պարտաւորութիւններ ունի։ Անցնող երկու տարիներուն, Կ. վարչութիւնը շրջանը զերծ կացուցանեց նաեւ տարետուրքի պարտաւորութենէն, ինք ստանձնելով այդ գումարի հատուցումը։
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Օժանդակութեան ի՞նչ միջոցներ ձեռնարկուած են առժամաբար Հայաստան կայք հաստատած սուրիահայերուն համար։
ԶԵՓԻՒՌ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ-ՌԷԻՍԵԱՆ.- Հայաստան կայք հաստատող սուրիահայերու աճող թիւին հետ տակաւ առ տակաւ հրամայական դարձան անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն գործնական լուծումներու որոնումն ու անմիջական օժանդակութիւնը։ ՀՕՄի Հայաստանի միաւորը այս նպատակով յառաջացուցած է Սուրիահայերու օժանդակութեան յանձնախումբ մը. գործնական նկատառումներով այս յանձնախումբին կազմութեան ընթացքին նկատի առնուած են նաեւ Երեւան գտնուող Սուրիոյ միաւորի ընկերուհիներ։
Կ. վարչութեան նիւթական ներդրումով, ապա նաեւ «Օգնիր Եղբորդ» նախաձեռնութեան հետ սերտ գործակցութեամբ կամ Շրջանային վարչութեան յատկացումներով, յանձնախումբը սուրիահայ ընկերուհիներու կազմած ցուցակներուն հիմամբ 2012ի աշնան բաժնած է ձմեռնային վերմակներ, տաք հագուստներ եւ կօշիկներ։ Օժանդակութիւն ցուցաբերուած է բնակարանային խնդիրներու լուծման, կամ առողջապահական լուրջ պարագաներ ունեցողներու։ Շարունակական բնոյթ ունի ճշդուած պարբերականութեամբ սննդամթերքի բաշխումը։
Որբերու խնամակալութեան ծրագիրի 20ամեակին առթիւ, Կ. վարչութեան անդամներու Երեւան գտնուած միջոցին, Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց խառն ներկայացուցչութիւն մը, օժանդակութեան հնարաւոր ծրագիրներու ուսումնասիրութեան եւ մշակման նիւթով ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, ինչպէս՝ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՄԱԿի Հայաստանի գաղթականներու գրասենեակի գերագոյն յանձնակատարին հետ։
Աւելի ուշ, Շրջանային վարչութիւնը կամ իր յառաջացուցած յանձնախումբը, համատեղ ծրագիրներու մշակման նպատակով, հանդիպումներ ունեցած են մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրող կողմերու հետ։
Ներկայիս սերտողութեան հանգրուանին է ՄԱԿի Հայաստանի գրասենեակին հետ գործակցաբար, տնայնագործութեամբ կամ որեւէ այլ արհեստով զբաղիլ փափաքող ծերերուն եւ հաշմանդամներուն, փոքր գործառնութեանց աջակցութեան ծրագիրը։
Օգտակար կը համարեմ նշել նաեւ, որ Լիբանանի մեր միաւորի շնորհակալ ներդրումով, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի բոլոր ծառայութիւնները անվճար կը մատուցուին Լիբանան գտնուող սուրիահայերուն։
Սուրիահայութեան իրավիճակն ու կարիքները կը շարունակեն մնալ առանցքային եւ առաջնահերթ Կեդրոնական վարչութեան համար, որ առօրեայ կապով կը հետեւի ընթացքին։ Վստահ եմ բոլորին ցանկութիւնն է ամենակարճ ժամանակի ընթացքին մայր գաղութը տեսնել երբեմնի իր խաղաղ եւ բարգաւաճ վիճակին մէջ. այսուհանդերձ, պահի եւ կարիքի անհրաժեշտութենէն մեկնած, օժանդակութեան նոր նախաձեռնութիւններով տագնապահար գաղութի զաւակներուն օգտակար դառնալու համար, Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ զօրաշարժի մէջ պահել ՀՕՄի կազմակերպական ամբողջ կառոյցը, աշխարհասփիւռ միաւորները, որոնց յանձնառու վերաբերումը, առաքելութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը փայլուն տողերով պիտի արձանագրուին մեր կազմակերպութեան 2րդ 100ամեակի պատմութեան առաջին էջերուն վրայ։