ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– 1 Օգոստոսին «Ակօս» օրաթերթը ցնցիչ լուր հաղորդեց. Թուրքիոյ մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու ինքնութեան հաստատման վկայականներուն մէջ նշուած է, թէ կան ազգութիւնը փաստող գաղտնի ծածկագիրներ. յոյներուն համար «1», հայերուն համար «2», իսկ հրեաներուն՝ «3»: Բացայայտումը թերթը կատարած է հրապարակելով Պոլսոյ կրթութեան բաժնի փաստաթուղթերէն մէկը, որուն միջոցով ապացուցուած է, որ Թուրքիոյ բնակչութեան կառավարման համակարգին մէջ ծածկագիրներ կան այն քաղաքացիներուն համար, որոնք ունին հայկական, հրէական եւ յունական արմատներ: Մինչ այդ, պաշտօնական Անգարան երբեք չխուսափեցաւ պատասխանէն եւ հաստատեց «Ակօս»ի տեղեկութեան իսկութիւնը, որ, ըստ պատմաբան Արա Պապեանի, «ինքնութեան վկայագրերում գաղտնի ծածկագրեր նշանագրելը ազգային փոքրամասնութիւնների նկատմամբ Թուրքիայի վարած ակնյայտ խտրականութեան վառ օրինակ է»:
«Ցաւալի է, որ ԵՄ դռները թակող երկիրը ոտնահարում է մարդու իրաւունքները: Այս ամէնը վտանգաւոր է, քանի որ չգիտենք, թէ քաղաքական ինչպիսի զարգացման դէպքում այդ տուեալները կարող են օգտագործուել թուրքերի կողմից: Սումկայիթեան դէպքերի ժամանակ փաստեր կային, որ այդ ամբոխի մօտ կային քարտէզներ, որոնց օգնութեամբ նրանք գիտէին, թէ որտեղ են բնակւում հայերը: Արդեօ՞ք Թուրքիան նման իրավիճակում այդ տուեալները չէր օգտագործելու հայկական, յունական, հրէական ջարդեր կազմակերպելու համար», նշած է ան։
Թրքագէտ Արտակ Շաքարեանը՝ վերլուծելով Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին հայերուն նկատմամբ կառավարութեան վարած խտրական քաղաքականութիւնը՝ կը փաստէ, որ այս պետութիւնը նոյնին շարունակողն է՝ սպիտակ ցեղասպանութեան տեսքով, եւ կը պատմէ, որ ժամանակին Հրանտ Տինքն ալ ըսած էր, որ Թուրքիոյ մէջ նոյնիսկ գտնուած են ընտանիքներ, որոնք մոռցած են իրենց հայ ըլլալը, սակայն, երբ կրօնափոխ հայ ընտանիքներէն մէկուն ծոռը դարձած է ազգայնական, զայն հեռացուցած են պաշտօնէն՝ հայկական արմատներ ունենալուն պատճառով, ինչ որ կը փաստէ, որ եթէ թրքաբնակ հայերը իրե՛նք մոռնան իրենց ծագման մասին, թրքական պետութիւնը երբեք պիտի չմոռնայ։
Քննարկման մասնակից թրքական IMC պատկերասփիւռի ընկերութեան լրատուական ծրագիրներու ղեկավար Արիս Նալչինը, ներկայացնելով հայ համայնքի տեսակէտը, նկատել տուած է, որ առաւել տարեց հայերը իրենց փաստաթուղթերուն մէջ գաղտնի ծածկագիրներու կիրառման հարցին մէջ մեծապէս մտահոգ են, քանի որ այսպիսով Թուրքիան զիրենք պիտի նկատէ երկրորդական մարդ, իսկ երիտասարդները աւելի մեծ քննարկումներ կը կազմակերպեն ընկերային ցանցերուն մէջ՝ բացատրութիւն պահանջելով պետութենէն։
Տեղեկացնենք, որ պաշտօնական Աթէնքը եւ Թէլ Աւիւը նոյնպէս չեն արձագանգած բացայայտման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.