ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն», «Արմէնփրէս».– 2 Օգոստոսին ատրպէյճանական կողմը, ապատեղեկացնելով միջազգային հանրութիւնն ու իր իսկ քաղաքացիները՝ յայտնած է, որ իր խաղաղ բնակիչը վիրաւորուած է հայկական զինուած ուժերուն կրակոցին պատճառով:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան՝ արձագանգելով տեղի ունեցածին, յայտնած է, որ վերջին օրերուն ատրպէյճանական կողմը սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով արձակազէններու կողմէ կրակ կը բանայ հայկական կողմին ուղղութեամբ։
«Հայկական զինուած ուժերը կը պատասխանեն համարժէք գործողութիւններով այնքան ժամանակ, մինչեւ ադրբեջանական կողմը չհրաժարուի իր սադրանքներից: Ինչպէս միշտ, իրավիճակի լարման եւ կորուստների համար ամբողջ պատասխանտուութիւնը մնում է ադրբեջանական կողմի վրայ», նշուած է այս առիթով Յովհաննիսեանի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: Յիշեցնենք, որ 3 Օգոստոսին Տաւուշի մարզի Ներքին Կարմրաղբիւր գիւղին մէջ ատրպէյճանական կողմի կրակոցներուն պատճառով ուսէն վիրաւորուած է զինուոր Սարօ Շառեանը, իսկ 5 Օգոստոսին Տաւուշի մարզի Այգեպար գիւղի մարտական կէտին վրայ հակառակորդի արձակած գնդակէն ձախ ազդրէն վիրաւորուած է զինուորական ծառայող Արմենակ Այվազեանը: Ան փորձած է ինքնաշարժով հեռանալ վտանգաւոր գօտիէն, սակայն հակառակորդը կրկին կրակ բացած է ինքնաշարժին ուղղութեամբ եւ զինուորը աջ դաստակէն երկրորդ վէրքը ստացած է: Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ ան փոխադրուած է հիւանդանոց, եւ վիճակը կայուն է։
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Տաւուշի մարզի Այգեպար գիւղի գիւղապետ Անդրանիկ Այդինեան յայտնած է, որ վերջին օրերուն սահմանային գօտիին վրայ անընդհատ կրակոցներ կը հնչեն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.