
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Կիրակի, Օգոստոս 4ին, Պելճիքայի Լիէժ քաղաքին մէջ տեղադրուած է Օսմանեան կայսրութեան իրագործած ասորիներու ցեղասպանութեան՝ «Սէյֆօ»ին, նուիրուած յուշարձան մը. այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրաթ» լրատու գործակալութիւնը:
Սէյֆօ ասորերէնով կը նշանակէ «սուր» եւ կը խորհրդանշէ 1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեայ ասորիներու, հայերու եւ յոյներու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնները:
Յուշարձանի բացման արարողութեան մասնակցած են Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ ժամանած ասորիներ, ինչպէս նաեւ հայեր եւ քիւրտեր:
Յուշարձանի պատրաստութեան ու տեղադրման աշխատանքները աւելի քան մէկ ու կէս տարի տեւած են, սակայն տեղադրումէն միայն երկու շաբաթ առաջ յայտարարութիւն կատարուած է, որպէսզի Թուրքիա քայլերու չդիմէ տեղադրումը խոչընդոտելու գծով: Հակառակ անոր՝ Պրիւքսէլի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունը գործի անցած է եւ նոյնիսկ ասորական ընկերութիւններու սպառնացած է, որ չմասնակցին յուշարձանի բացման արարողութեան:
Աշխատանք կը տարուի նման յուշարձան մը եւս տեղադրելու Աթէնքի մէջ: «Սէյֆօ»ի նուիրուած յուշարձաններ ցարդ հաստատուած են Հայաստանի, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ եւ Ամերիկայի մէջ: