
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» կը տեղեկացնէ, թէ հայուհիի մը՝ Անի Հալապիի, պատկանող «Glendale Family Optometry» խանութէն գողցուցած են թանկարժէք ակնոցներ՝ մօտաւորապէս 63,000 տոլար արժէքի:
Թերթը կը գրէ, թէ գողերը խանութ մտած են՝ անոր ապակեայ դուռը կոտրելով, եւ գողցած են «Ray Ban», «Dolce & Gabbana», «Prada», «Gucci» եւ «Polo» վաճառանիշերով ակնոցներ: Գողցուած է խանութի ապրանքին մօտաւորապէս 65 տոկոսը: Գողերը նաեւ զգալի վնաս հասցուցած են խանութին:
Յիշեցնենք, որ քանի մը ամիս առաջ կատարուած էր նմանատիպ գողութիւն մը, որուն զոհը Գոռ Վարդանեանին պատկանող ակնոցավաճառի խանութն էր: Այնտեղէն գողցուած էր 40,000 տոլարի ապրանք:
Առայժմ ձերբակալուածներ չկան, սակայն ոստիկանութիւնը կը հաւատայ, որ երկու միջադէպերուն միջեւ կապ մը գոյութիւն ունի: