ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ երեք հայորդիներ Պըրպենք քաղաքի զանազան յանձնաժողովներու անդամ նշանակուած են:
Արդարեւ, Արմոնտ Աղախանեան նշանակուած է Զբօսայգիներու, ժամանցի եւ համայնքային սպասարկութեանց յանձանախումբի անդամ, Կարէն Եղբայրեան՝ Տոկացող Պըրպենքի յանձնաժողովի անդամ, իսկ Վահէ Յովհաննէսեան վերանշանակուած է անդամ Պըրպենքի միացեալ կրթաշրջանի կալուածները հսկող յանձնախումբի, որուն ատենապետ վերընտրուած է:
«Ուրախ ենք, որ ամերիկահայեր այս ձեւով կը շարունակեն գործօն դերակատարութիւն ունենալ Պըրպենքի քաղաքացիական ու քաղաքական կեանքին մէջ: Վստահ ենք, որ անոնց ներդրումը աւելիով պիտի զօրացնէ քաղաքը», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Զարեհ Խաչատրեան:
Արմոնտ Աղախանեան դասախօս է Պըրպենքի «Ուուտպըրի» համալսարանին մէջ, ուր վերջին վեց տարիներուն դասաւանդած է գործարարութեան, վարչական հարցերու, կազմակերպական ղեկավարման ու կառավարական հարցերու վերաբերել դասանիւթեր: Ան ներկայիս դոկտորայի ուսանող է «Փեփըրտայն» համալսարանի Կրթութեան եւ հոգեբանութեան բաժանմունքին մէջ: Գործարարութեան մարզի մէջ Մագիստրոսի վկայական ստացած է «Ուուտպըրի» համալսարանէն, իսկ քաղաքական գիտութեանց մարզին մէջ՝ Պսակաւոր արուեստից վկայականը՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն: Ան նախապէս եղած է այլ յանձնաժողովներու անդամ:
Կարէն Եղբայրեան Պըրպենքի երկարամեայ բնակիչ ու կամաւոր գործիչ մըն է: Ան վկայուած է Փենսիլվենիոյ համալսարանէն, քիմիագիտութեան մարզին մէջ, եւ վերջին տասնամեակին կը պաշտօնավարէ Լոս Անճելըս քաղաքի քարտուղարի գրասենեակէն ներս, իբրեւ ուսումնասիրական վերլուծաբան: Կարէն գործօն անդամ եղած է նաեւ քաղաքի զանազան յանձնախումբերուն, ինչպէս՝ սահմանադրութիւնը վերանայող ու համայնքային զարգացման եւ ընտրական դրամահաւաքի օրէնքները բարեկարգելու համար կազմուած մարմիններուն: Ան նաեւ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին ու Պըրպենքի Մարդկային յարաբերութեանց խորհուրդի անդամ է:
Վահէ Յովհաննէսեան իր անունը կրող իրաւաբանական հիմնարկի փաստաբաններէն է՝ մասնագիտացած քաղաքացիական եւ քրէական հարցերու մէջ: Ան վկայուած է Լա Վըրն համալսարանի Սան Ֆերնանտօ հովիտի իրաւաբանական բաժանմունքէն եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (քաղաքական գիտութեանց ճիւղին մէջ) ու կամաւոր աշխատանք կը տանի նաեւ Պըրպենքի գրադարանին, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղին մէջ: Վերոյիշեալ պաշտօններուն կողքին, ան անցեալին եղած է քաղաքի Ջուրի եւ ուժանիւթի խորհուրդի անդամ ու Պըրպենքի ծրագրումի մարմինի ատենապետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.