ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Յուլիս 31ի գիշերը հայ-թրքական սահմանին վրայ տեղի ունեցած է մահացու միջադէպ մը՝ հաւանական լուրջ հետեւանքներով:
Հայկական եւ թրքական աղբիւրները այս միջադէպի առնչութեամբ իրերամերժ վարկածներ ներկայացուցին: Սակայն հարցի մը գծով անոնք միակարծիք են՝ թուրք հովիւը կրակոցէն սպաննուած է Հայաստանի տարածք անցնելէն ետք:
Կարսի նահանգապետ Էյուփ Թեփեն կը պնդէ, որ «հայ զինուորները» առանց նախազգուշացնելու կրակ բացած են 35ամեայ Մուսթաֆա Ուլքերի վրայ, երբ վերջինս կը փորձէր հայկական կողմէն ետ բերել իր ոչխարները: Թուրք նահանգապետը մեղադրած է հայերը «անհամաչափ ուժ» կիրարկելու մէջ՝ պնդելով, որ «հովիւը անզէն եղած է»: Թուրք այլ պաշտօնեայ մը՝ Օսման Ուղուրլու, բացայայտած է, որ սահմանախախտը ատրպէյճանական ծագում ունեցող Թուրքիոյ քաղաքացի է, որ զինուած է միայն դանակով եւ սպաննուած է թիկունքէն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքի դիւանագիտական գիր մը յղած է Հայաստանին, ուր կ՛ըսուի. «Խստօրէն կը դատապարտենք պատահականութեամբ տեղի ունեցած սահմանային փոքր խախտման համար անմեղ քաղաքացիի վրայ կրակելը: Պատշաճ բացատրութիւն գոյութիւն չունի այս սովորական միջադէպին առնչութեամբ հայկական կողմէն անհամաչափ ուժ կիրարկելու համար»:
Հրապարակային այլ յայտարարութեան մը մէջ Անգարա կոչ ուղղած է Հայաստանին՝ «խելամտութիւն» ցուցաբերել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ՝ նախազգուշացնելով Երեւանին սխալ քայլերու ծանր հետեւանքներէն, որոնք կրնան վտանգի ենթարկել տարածաշրջանի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը:
Հայաստան մերժած է իրադարձութիւններու թրքական վարկածը՝ պնդելով, որ երկու թուրք երիտասարդներ ոչխար գողնալու նպատակով գիշերուան ժամը 3։00ին հատած են հայ-թրքական սահմանը: Երբ Հայաստանի սահմանին կանգնած ռուս սահմանապահները զգուշացուցած են, որ սահմանախախտները ետ դառնան, թուրքերը ծաղրած են զանոնք եւ հրաժարած՝ նահանջելէ: Այնուհետեւ սահմանապահները երկու անգամ նախազգուշական կրակոցներ արձակած են օդին մէջ, եւ այդ պահուն թուրքերէն մէկը կրակ բացած է անոնց վրայ: Ըստ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանամերձ վարչութեան, ռուսական զօրքերը պատասխան կրակոցով սպաննած են թուրք սահմանախախտներէն մէկը:
Թրքական աղբիւրները բազմիցս ընդգծած են, որ հայերը սպաննած են հովիւը, հակառակ անոր որ Անգարա շատ լաւ իրազեկուած է, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Հայաստանի սահմանները կը հսկեն ռուսական զօրքերը՝ համաձայն Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ կնքուած 1992 թուականի համաձայնագիրին: Թրքական կառավարութիւնը ռուսերը մեղադրելու փոխարէն՝ կը պնդէ, որ Հայաստանը պատասխանատուութիւն կը կրէ հովիւի սպանութեան համար՝ զայն վերածելով հայ-թրքական միջադէպի, եւ ոչ թէ ռուս-թրքական հակամարտութեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է զուսպ յայտարարութեամբ, ուր ցաւ յայտնած է դէպքին համար եւ՝ յոյս յայտնած, որ նմանատիպ դէպքերը ապագային չեն կրկնուիր: Ակնյայտ է, որ Երեւան չի ցանկար բորբոքել կիրքերը եւ հրահրել աւելի լուրջ միջադէպեր՝ անկանխատեսելի հետեւանքներով:
Հասկնալի է, որ թուրք ղեկավարները կը ցանկային մեծցնել այս համեմատաբար փոքր սահմանային միջադէպը, որպէսզի շեղեն ուշադրութիւնը Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ խնդիրներէն, ինչպիսիք են.
– Թուրքիոյ մէջ շարունակուող զանգուածային ցոյցերը, որոնք կը վիճարկեն վարչապետ Էրտողանի բռնապետական իշխանութիւնը:
– Երեք հազար ցուցարարներու ձերբակալութիւնը, ութ հազար վիրաւորուածներն ու հինգ հոգիի սպանութիւնը՝ իբրեւ հետեւանք թրքական ոստիկանութեան կողմէ «անհամաչափ ուժի կիրարկման»:
– Ամերիկեան, բրիտանական եւ գերմանական մեծագոյն թերթերուն մէջ տեղադրուած յայտարարութիւնները, որոնք կը դատապարտեն Էրտողանի «նացիական» գործողութիւնները: Թուրքիոյ վարչապետի սպառնալիքները՝ դատի տալու բրիտանական յայտնի «Թայմզ» թերթը ամբողջ էջի մը մէջ վճարովի նամակի հրապարակման համար՝ ստորագրուած արեւմտեան յայտնի մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու կողմէ, աւելի լայնօրէն կը բացայայտէ անոր կեղեքիչ գործելակերպը:
– Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան 46 անդամներու կողմէն Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին յղուած նամակը, որով կը խնդրեն անոր դատապարտել վերջերս թուրք ղեկավարներու, նաեւ Էրտողանին կողմէ կատարուած հակասեմական յայտարարութիւնները։ Վերջերս սիոնականութեան անդրադարձած էր իբրեւ «մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն» եւ Կեզի զբօսայգիին մէջ վերջերս տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու կազմակերպման մէջ մեղադրած էր հրեայ սադրիչները:
– Ներքին լուրջ թշնամանքը՝ քրտական խմբաւորումներու, ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ բանտարկուած բարձրաստիճան զինուորական ղեկավարներու հետ:
– Յաճախակի ռազմական ներխուժումները Իրաքի քրտաբնակ շրջաններ։
– Լարուած յարաբերութիւնները Եգիպտոսի նոր իշխանութիւններու հետ՝ Էրտողանի իսլամական գործընկերոջ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի տապալումէն ետք:
– Տարակարծութիւնները Կիպրոսի, Յունաստանի, Իրանի, Իրաքի եւ Իսրայէլի հետ, ինչպէս նաեւ պատերազմական գործողութիւններ՝ Սուրիոյ հետ:
– Անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ դեսպանատան պայթեցումը Սոմալիի մէջ Քայիտայի հետ առնչութիւն ունեցող խումբի մը կողմէն:
Թուրքիոյ մէջ եւ անոր շուրջ գոյութիւն ունեցող այս բոլոր խնդիրներու յորձանուտին մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի յայտարարած «զերօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» քաղաքականութիւնը արդէն վերածուած է «զերօ հարեւաններ՝ առանց խնդիրներու»:
Մինչ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի աշխարհի տարածքին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առնչութեամբ ոգեկոչման ձեռնարկներ կազմակերպելու Թուրքիոյ շահերէն չի բխիր իր բազմաթիւ խնդիրներուն վրայ աւելցնել Հայաստանի հետ սահմանային ընդհարում, որ միայն կը ծառայէ Թուրքիոյ անցեալի եւ ներկայի ոճիրներու երկար ցուցակի բացայայտման:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը