
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Քանի մը օր առաջ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնէն ազատ կացուցուած Նարեկ Սարգսեան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի որոշումով նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր ճարտարապետութեան պետական կոմիտէի նախագահ: Նշենք, որ կոմիտէն նոր կառոյց է, որ ստեղծուած է նախագահին կողմէ հրապարակուած 22 Յուլիսի հրամանագիրով եւ նպատակ ունի համակարգել հանրապետութեան քաղաքաշինութեան ոլորտը:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի որոշումով Երեւան քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը յանձնուած է Տիգրան Բարսեղեանին:
Բարսեղեանը ճարտարապետութեան թեկնածու է, դասախօս, 2003էն ի վեր Հայաստանի պետական ճարտարապետական համալսարանի Ճարտարապետութեան բաժանմունքի նախագահ է։