
Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Լոս Անճելըսի մէջ կազմաւորուած պասքէթպոլի տղոց Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Քարլ Պարտաքեան անդրադարձած է խումբին եւ Հայաստանի մէջ անոր աշխատանքներուն։
«Կարեւոր չէ, թէ ո՛ւր կազմաւորուած է հաւաքականը, կարեւորը այն է, որ խումբի բոլոր անդամները հայ են եւ միասին լաւ կը զգան: Եկած ենք Հայաստան՝ համախմբուելու հայաստանցի խաղացողներուն հետ եւ պատրաստուելու յաջորդ տարի Հայաստանի մէջ կայանալիք Եւրոպայի առաջնութեան C բաժանմունքի մրցաշարքին»։
Լոս Անճելըսի մէջ կազմուած պասքէթպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի տասը խաղացողներ այս օրերուն իրենց գլխաւոր մարզիչին եւ երկրորդ մարզիչին հետ եկած են Հայաստան, ուր անոնք ծանօթացած են պասքէթպոլով զբաղող երիտասարդներուն, Հայաստանի մէջ այս մարզաձեւի զարգացման պայմաններուն:
«Եկած ենք Հայաստան այստեղի խաղացողներուն հետ հանդիպելու եւ միասին մարզուելու համար: Արդէն սկսած ենք մարզումներուն: Ամէն օր կը մարզուինք: Պիտի երթանք նաեւ Արցախ: Արցախէն եւս հաւաքականի թեկնածու կայ: Յոյս ունինք, որ Ղարաբաղի նախագահը կ՛աջակցի եւ կ՛ընդունի մեզ, մեր խաղացողն ալ կարելի կ՛ըլլայ մեզի հետ տանիլ Լոս Անճելըս: Հաւաքականը արդէն կազմուած է: Տակաւին պաշտօնական մրցաշարքերու չենք մասնակցիր, միայն կը մարզուինք: Հայաստանի պասքէթպոլի ֆետերասիոնի նախագահի եւ մարմնակրթութեան ղեկավարութեան ծրագիրներով նպատակ կայ յաջորդ տարի Երեւանի մէջ կայացնել Եւրոպայի ախոյեանութեան C բաժանմունքի մրցաշարքը: Եթէ այդպէս ըլլայ, մեր առաջին պաշտօնական մեկնարկը պիտի ըլլայ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Իսկ մինչ այդ պիտի սահմանափակուինք միայն ընկերական հանդիպումներով», նշած է Քարլ Պարտաքեանը։