
ԱՆԹԻԼԱԻՍ.- Քանի մը օր առաջ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ 242 էջերէ բաղկացած Արամ Ա. կաթողիկոսի անգլերէն գիրքը՝ «Issues and Perspectives»ը («Հարցեր եւ Հայեցակէտներ»).
Սոյն հատորը կը բաղկանայ զանազան առիթներերով վեհափառին տուած դասախօսութիւններէն ու գրութիւններէն, որոնք կը շօշափեն աստուածաբանական, կրօնագիտական, մշակութային եւ միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր ու նիւթեր:
Հատորին մէջ յատկապէս կարեւոր տեղ կը գրաւեն Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան, վերջին տարիներուն տեղի ունեցող վերիվայրումներուն, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան եւ Հայ Դատին հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ: