ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան 15 Օգոստոսին հանդիպում ունեցած է Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան պատուիրակ Դրագանա Ռանքովիչին հետ, որ յայտնած է, թէ ստացուած տեղեկութեան համաձայն՝ Պաքուի ԿԽՄԿ գրասենեակը վստահ է, որ շուտով պիտի յստականայ հայ ռազմագերի Յակոբ Ինջիղուլեանի հետ կայանալիք հանդիպման թուականը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով տեղեկատուութեան համար՝ Դաւիթ Տօնոյեան իր կարգին ԿԽՄԿի պատուիրակին յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ գտնուող ատրպէյճանցի զինուոր Ֆիրուզ Ֆարաջեւը փոխած է իր մտադրութիւնը եւ փափաք յայտնած է Ատրպէյճան վերադառնալու: Ֆարաջեւը նաեւ շուտափոյթ հանդիպում խնդրած է Հայաստանի մէջ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրաւիրած է անկողմնակալ կազմակերպութիւնները, մասնաւորաբար՝ ԿԽՄԿը, հանդիպում ունենալու Ֆարաջեւի հետ: Տրամադրուած տեղեկութիւնը ԿԽ-ՄԿն ընդունած է առ ի գիտութիւն:
Միւս կողմէ, Յակոբ Ինջիղուլեանի հարազատներուն հետ 15 Օգոստոսի հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց փոխնախարար Աշոտ Յովակիմեանը, որ բացատրած է, թէ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան արձակուրդի ըլլալուն պատճառով չէ եկած իրենց հետ տեսակցելու։ Այս մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Յակոբ Ինջիղուլեանի եղբայրը՝ Արման Ինջիղուլեանը:
Աշոտ Յովակիմեան յայտնած է, որ իրենք դիւանագիտական կապեր չունին Ատրպէյճանի հետ, բայց ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի կարելի ըլլայ Յակոբը հայրենիք վերադարձնել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.