ՊՈԼԻՍ.- «Սամաթիոյ պատահարները, որոնք միջոց մը այնքան աղմուկ բարձրացուցած էին եւ մեկնաբանուած էին որպէս հայերու դէմ գործադրութեան դրուած ատելավառ ու հետեւողական գործողութիւն, այլեւս մոռցուած ըլլալ կը թուին եւ այս մասին նոր խօսք պիտի չըլլար, եթէ երէկ չկայանար այս նիւթով ձերբակալուած Մուրատ Նազարեանի դատավարութեան երկրորդ նիստը։ Ինչպէս պիտի յիշուի, Նազարեան ձերբակալուած էր որպէս խժդժօրէն սպաննուած Մելիձա Քիւչիւքի մարդասպանը։ Թաղեցիներէն շատեր չէին հաւատար որ Մուրատ Նազարեան կրնար մարդ սպաննած ըլլալ, ան հոգեբանական հարցեր ունեցող խեղճ մըն է, անօթեւան ու անօգնական։ Առաջին օրերուն պահականոցի մէջ հարցաքննութեան ընթացքին ըսած էր որ «չէր յիշեր, այս սպանդը ինք գործած չէր, բայց թերեւս ալ կրնար գործած ըլլալ, չէր յիշեր»», կը պատմէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Մուրատ Նազարեան Չորեքշաբթի օր առաջին անգամ ըլլալով, իր փաստաբաններուն ընկերակցութեամբ, ինքնապաշտպանութիւն կատարեց ու կրկին պնդեց, որ ինք սպանութիւն չէ կատարած։ Իսկ խօսելով պահականոցին մէջ իր նախկին յայտարարութեան, ըստ որուն՝ հաւանաբար ինք սպանութիւն կատարած ըլլար, Նազարեան դրժեց զայն՝ ըսելով, որ ան պահականոցին մէջ հոգեբանական ճնշումի տակ կը գտնուէր։
«Դատարանը երէկ որոշեց ընդլայնել քննութիւնը։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Մուրատ Նազարեանը երես առ երես պիտի բերուի այն միւս ծերունի կիներուն հետ, որոնք յարձակումի ենթարկուած էին։ Այդ կիները պիտի ճանչնա՞ն Մուրատ Նազարեանը։ Զարմանալի է որ այսպիսի գործողութիւն մը մինչեւ այսօր արդէն չէ կատարուած։ Սպաննուած Մելիձա Քիւչիւքի մերձաւորները, որոնք ներկայ էին երէկուան նիստին, գանգատեցան, որ դատավարութիւնը դանդաղ կը քալէ։ Իսկ Մուրատ Նազարեանին ազգականները, որոնք նմանապէս ներկայ էին, դատարանէն ելքի ընթացքին ցոյց մը ըրին ու «Արդարութիւն կը պահանջենք» ըսին, դատավարութիւնը կը նկարագրէ «Մարմարա»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.