
Տարիներու աւանդութիւն դարձած ԼՕԽի կազդուրման կայանի ամրան ծրագիրը այս տարի եւս ընթացք առաւ Կիրակի, 11 Օգոստոսին, Այնճարի շրջանի ԼՕԽի նորակառոյց «Ալեքսան եւ

Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի շէնքին մէջ:
Նորակառոյց կազդուրման կայանը երազ ըլլալէ դադրած է եւ այսօր դարձած է իրականութիւն. անոր հովանիին ներքեւ 60ի չափ փոքրիկներ համախմբուած են իրենց պատասխանատուին եւ օգնականներուն հետ, միասնաբար երեք շաբաթներու յատուկ մշակուած դաստիարակչական, ընկերային թէ ազգային ծրագիրին ընդմէջէն աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան իրարու եւ հաճելի ժամեր անցընեն:
Վստահ ենք, որ լիբանանահայ կամ սուրիահայ փոքրիկները պիտի օգտուին նաեւ Այնճարի կլիմայէն եւ լաւապէս կազդուրուած պիտի վերադառնան իրենց բնակարանները 31 Օգոստոս 2013ին:
ԼՕԽԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ