
Ուրբաթ, 9 Օգոստոսին 10 ԼԵՄականներ (Լիբանանի երիտասարդական միութեան անդամներ) գործուղուեցան Հայաստան՝ իրականացնելու համար ՀՅԴ ԼԵՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնած ու կազմակերպած «Անոյշ հայրենիք» ծրագիրը:
Ծրագիրը, որ կ՛իրականացուի յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով, այս տարի կ՛ընդգրկէ երեք տարածքներ: Երեք յաջորդական տարիներ Սիսիանի մէջ ընդհանուր ճամբարներ իրականացնելէ ետք, այս տարուան ծրագիրը կը կեդրոնանայ 12-16 տարեկան պատանիներու վրայ՝ երիտասարդներու 60 հոգինոց խումբի մը կեդրոնացեալ աշխատանք մը ներկայացնելով:
Երկրորդ տարին ըլլալով Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ պատանեկան ճամբար, որուն կը մասնակցին շրջանի 9-16 տարեկան 170 պատանիներ:
Առաջին անգամ ըլլալով այս տարի ճամբար կը կազմակերպուի Երեւանի Նոր Նորքի ՀՅԴ կեդրոնին մէջ. ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 100 պատանիներ:
Բոլոր ծրագիրները ունին դաստիարակչական բնոյթ եւ կ՛ընդգրկեն դասախօսութիւններ, զրոյցներ եւ «վիտէօ» երիզի ցուցադրութիւններ՝ ՀՅԴ պատմութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց, Հայ Դատի եւ ազգային մերօրեայ խնդիրներու վերաբերեալ:
Բոլոր ծրագիրները պիտի աւարտին 22 Օգոստոսին եւ տեղի պիտի ունենան փակման հանդիսութիւններ: