
ՏԵՆՎԸՐ.- Կիրակի, Օգոստոս 4ին, Քոլորատոյի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հաւատացեալները հանդիսաւորապէս տօնախմբեցին ծուխի հաստատման տասնամեակը: Բարեբաստիկ այս առիթով, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան՝ ընկերակցութեամբ ծուխի այցելու հոգեւոր հովիւ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի, հովուական այցելութիւն շնորհեց ծուխին, իսկ Կիրակի, Օգոստոս 4ին Ս. պատարագ մատոյց ու քարոզեց Ս. Կատարինէ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ: Ս. սեղանին սպասարկեց տէր հայրը:
Պատարագի աւարտին, Տենվըրի «Միրաժ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն նախագահեց առաջնորդը:
Ճաշկերոյթի բացումը կատարուեցաւ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի կողմէ սեղաններու օրհնութեամբ, իսկ բացման խօսքը կատարեց հանդիսավար Հրանդ Միհրանեան: Գէորգ Սարիբեկեան իր սրտի խօսքը ուղղեց՝ որպէս ատենապետ Ծխական խորհուրդի: Ծուխի հաստատման տասնամեակի առթիւ ողջոյնի եւ շնորհաւորական նամակ մը յղած էր ծուխի նախկին հոգեւոր հովիւ Զաւէն քհնյ. Մարկոսեանը:
Ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ Տիկնանց միութեան խօսքը, ապա ներշնչում պատճառող պատգամով հանդէս եկաւ Տենվըրի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Այզէա արքեպիսկոպոսը, որուն յաջորդեցին հայերէնով արտասանութիւններ, հայերէն եւ յունարէն երգեր, որոնք խանդավառութիւն պատճառեցին հիւրերուն:
Առ ի գնահատութիւն ծուխէն ներս իրենց մատուցած անձնուէր ծառայութիւններուն, առաջնորդ Տէրտէրեան Օրհնութեան եւ գնահատանաց վկայագիրով պարգեւատրեց Վահագն սրկ. եւ Ռուզաննա Սարգսեանները, տէր եւ տիկին Եուրա եւ Ելէն Խաչատուրովները, տէր եւ տիկին Վարուժան եւ Մարի Մարկոսեանները, տէր եւ տիկին Վալոդ եւ Նուարդ Թումասեանները եւ տէր եւ տիկին Վահան եւ Աննա Քաւաքեանները, ապա իր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ օրհնեց զիրենք: