
Յունուար 18, 2014ին ճամբայ մեկնող Ամերիկայի Հայ մշակութային միութեան կազմակերպած Հայ աւանդական 17րդ նաւապտոյտին ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենան Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական հարցերու նուիրուած քննարկումներ՝ մասնակցութամբ դոկտ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի, դոկտ. Հայկ Մինասեանի, դոկտ. Քիմ Հեքիմեանի ու Մարօ Մաթէոսեանի:
Դոկտ. Քիմ Հեքիմեան օգնական դասախօս է «Քոլոմպիա» եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարաններուն մէջ ու մասնագիտացած է միջազգային առողջապահական ծրագիրներու մէջ: Ան մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, ՄԱԿի, «Ուորլտ Վիժըն»ի եւ Համաշխարհային դրամատան նախաձեռնած առողջապահական ծրագիրներու իրականացման: Դոկտորի կոչումը ստացած է «Ճանս Հափքինզ» համալսարանէն՝ մասնագիտանալով նորածիններու սնունդի հարցերու մէջ: Հայաստանի մէջ նորածիններու սնունդին նուիրուած անոր ուսումնասիրութիւնը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր, եղած է անոր դոկտորականի նիւթը: Այդ ուսումնասիրութեան շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներու, ՄԱԿի ու Հայաստանի կառավարութեան միացեալ ջանքերով, չորս տարիներու վրայ երկարող արշաւ մը տեղի ունեցաւ՝ քաջալերելու համար Հայաստանի մայրերը, որ մայրական կաթով սնունդ տան իրենց նորածիններուն, եռապատկելով այդպիսի սնունդ տուողներուն թիւը: Ներկայիս ան կ՛աշխատի Հայաստանի մէջ նորածիններու եւ երեխաներու անբաւարար սնունդի պարագաները նուազեցնել միտող ծրագիրներու վրայ:
Դոկտ. Քիմ Հեքիմեան, որ իր պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Փենսիլվենիոյ համալսարանէն եւ շրջանաւարտ է նաեւ Էնտովըրի «Ֆիլիփս» ակադեմիայէն, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ու առողջապահական մարզի Ամերիկահայ արհեստավարժներու կազմակերպութեան գործօն անդամներէն է: Ան ներկայիս Նիւ Ճըրզի կ՛ապրի, սակայն յաճախ Հայաստան կ՛այցելէ:
Նաւապտոյտին ընթացքին, ան պիտի ներկայացնէ երկու նիւթեր՝ «Հանրային առողջապահութիւնը Հայաստանի մէջ. Յառաջդիմութիւն եւ կարիքներ», «Նորածիններու եւ երեխաներու սնունդ. Անբաւարար եւ չափազանց սնունդի կրկնակի բեռը», որոնցմէ ետք տեղի պիտի ունենան քննարկումներ:
Դոկտ. Քիմ Հեքիմեան նաեւ պիտի մասնակցի տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի, տոքթ. Հայկ Մինասեանի ու Մարօ Մաթէոսեանի հետ քննարկումի մը, որ նուիրուած է Հայաստանի մէջ առողջապահութեան եւ ընկերային ապահովութեան համակարգին եւ Սփիւռքի դերակատարութեան:
Մարօ Մաթէոսեան Հայաստանի մէջ ընկերային արդարութիւն ապահովելու նպատակով աշխատանք տանող նուիրեալ գործիչ մըն է, որ կ՛աջակցի զանազան քաղաքացիական շարժումներու, որոնց շարքին են՝ կենսոլորտի, ազգային ժառանգութեան եւ կանանց իրաւանց պաշտպանութեան համար պայքարող կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ բանակին մէջ ոչ պատերազմական պայմաններով մահերու թիւը կրճատելու համար պայքարող կազմակերպութեանց: Դէպի Հայաստան կատարած այցելութիւնը ամբողջութեամբ փոխած է Մարօ Մաթէոսեանի կեանքը, որովհետեւ ան մօտէն ծանօթացած է իր նախահայրերու արմատներուն եւ ինքզինք նուիրած է այդ ժառանգութիւնը պահպանելու գործին՝ սկսելով Նիւ Եորքէն ու Փարիզէն, շարունակելով Հայաստանի մէջ, ուր հաստատուած է 1990ական թուականներուն՝ ստանձնելով «Ազնաւուր՝ Հայաստանի համար» բարեսիրական կազմակերպութեան վարիչի պաշտօնը եւ իրագործելով Եւրոպական Միութեան Մարդասիրական յանձնաժողովի շարք մը ծրագիրներ:
2006ին ան միացած է «Թիւֆէնքեան» հիմնարկին ու աշխատանքներ կ՛իրականացնէ Հայաստանի, Արցախի ու Նիւ Եորքի մէջ: Ան նաեւ «Թիւֆէնքեան» հիմնարկին կապուած եւ Հայաստանի մէջ տնային բռնութեանց ենթարկուած կանանց օժանդակող ոչ պետական կազմակերպութեան մը գործունէութեան կը նպաստէ:
Նաւապտոյտին ընթացքին ան պիտի խօսի յատկապէս Արցախի մէջ հանրային առողջապահութեան հարցերուն մասին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել
maria.tavitian@yahoo.com հասցէին կամ այցելել
www.ArmenianHeritageCruise.com կայքը: