ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Օգոստոս 23ին, մինչ Սուրիոյ մէջ քիմիական նիւթերով յարձակումի մը մասին լուրերուն մանրամասնութիւնները եւ յարձակումին պատասխանատուները բացայայտելու աշխատանքները կը շարունակուէին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խիստ հաղորդագրութեամբ մը քննադատեց արեւմտեան այն ուժերը, որոնք ՄԱԿին վրայ ճնշում ի գործ կը դնեն՝ Սուրիոյ դէմ ուժ գործածելու նպատակով:
Միաժամանակ, Մոսկուա կոչ ըրաւ Սուրիոյ իշխանութեանց, որ առաւելագոյն գործակցութիւն ցուցաբերեն ՄԱԿի քննիչներուն, բացայայտելու համար յարձակումին ծալքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.