
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ազդակ».- Հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը Ուրբաթ, Օգոստոս 23ին ցնցուեցաւ զոյգ ականահարումներով: Առաջին պայթումը տեղի ունեցաւ Թաքուա մզկիթին, իսկ երկրորդը՝ Սալամ մզկիթին առջեւ, խլելով մօտաւորապէս 30 զոհ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ:
Սիւննիներու մզկիթներուն վրայ այս յարձակումները, որոնք կատարուած են «Հըզպալլա»ի միջնաբերդը նկատուող հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցած ականահարումէն շաբաթ մը ետք, խստօրէն դատապարտուեցան:
Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի յայտնեց, որ Թրիփոլիի եւ հարաւային արուարձաններու ականահարումները «նոյն մատնահետքերը կը կրեն»:
Նաեւ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մուհամմատ Սաֆատի յայտնեց, որ ականահարումներուն նպատակը սիւննի-շիի բախում յառաջացնելն է:
Թրիփոլիի ականահարումներուն պատճառով հայ զոհեր կամ վիրաւորներ չկան:
Նոյն օրը, Իսրայէլ ռմբակոծեց Պէյրութէն 10 մղոն հարաւ գտնուող Նաամէի մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի ընդհանուր հրամանատարութեան կեդրոն մը, իբրեւ հակադարձութիւն մէկ օր առաջ տեղի ունեցած Իսրայէլի ռմբակոծման: