
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի հայաշատ Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ 23 Օգոստոսի առաւօտեան հռթիռներ տեղացած են։
«Երկիր Մեդիտա»ի թղթակից Մարիա Գաբրիէլեանի համաձայն, հրթիռներէն մէկը հարուածած է հայ ընտանիքի մը բնակարանը, որուն իբրեւ հետեւանք 2 կին վիրաւորուած է։ Անոնք իսկոյն փոխադրուած են հիւանդանոց:
22 Օգոստոսէն ռմբակոծման կ՛ենթարկուին նաեւ Հալէպի Վիլլաներ եւ Սուլէյմանիէ թաղամասերը: