
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ի հեճուկս սուրիական պատերազմի ծանր ճնշումներուն՝ անվտանգութեան, կենցաղային, տնտեսական դժուարութիւներուն, հալէպահայ համայնքը կը շարունակէ կազմակերպել իր կրթամշակութային կեանքը՝ ժպիտ ու յոյս պարգեւելով հայ պատանիներուն յատկապէս: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին հաղորդած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակից Զարմիկ Պողիկեանը: «Հալէպի մէջ կը շարունակեն գործել Հայ Մարմնական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ երիտասարդներու ընկերակցութեան սկաուտական խումբերը, որոնք պատանիներուն համար կը կազմակերպեն յատուկ մարզախաղեր եւ դասընթացքներ: Կը շարունակեն գործել Հալէպի հայագիտական հիմնարկը, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան «Սարեան» կերպարուեստի ուսումնարանը, Հայ աւետարանական համայնքի «Արմիս» երգի դպրոցը», նշած է ան: Զարմիկ Պողիկեանի համաձայն, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդին կողմէ նախաձեռնուած է ու արդէն կը գործադրուի երկու ամիս տեւողութեամբ հոգեւոր դաստիարակութեան ամփոփ ծրագիր՝ հայ մանուկներուն հոգեւոր, կրօնական եւ բարոյական գիտելիքներ փոխանցելու նպատակով:
Հայ կաթողիկէ համայնքի երիտասարդներու միութիւնը կազմակերպած է «Հայրիկ» խորագիրով գեղարուեստական երեկոյ, որուն մասնակցած են հայ պատանիները: Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը՝ իր բարեսիրական աշխատանքներուն կողքին, կազմակերպած է մանկապատանեկան ձեռնարկներ ու պատանիներու համար յատուկ լեզուի դասընթացքներ։ «Ուսումնական այս տարեվերջին Հալէպի երկրորդական վարժարանները փայլուն արդիւնքներով աւարտեցին շուրջ 200 շրջանաւարտներ, որոնք յառաջիկայ օրերուն մուտք պիտի գործեն Հալէպի պետական համալսարաններ: Հալէպի հայկական վարժարաններն ու ճեմարանները 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանին պիտի սկսին Սեպտեմբեր 13ին: Այսպիսի նախաձեռնութիւններով հալէպահայերը կը փորձեն կարելի եղածին չափ գունաւորել իրենց գորշ պատերազմական առօրեան», եզրափակած է Զարմիկ Պողիկեանը: