
Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան 4 Ապրիլին, Ֆրանսայի Կրընոպլ համալսարանին մէջ, Վաճառականային համաշխարհային կազմակերպութեան (Ուորլտ Թրէյտ Օրկընայզէյշըն), Միջազգային դրամական ֆոնտին (Ինթըրնեշընըլ Մոնեթըրի Ֆանտ) եւ Համաշխարհային դրամատան (Ուորլտ Պենք) մասին դասախօսելէ ետք, հրաւիրուեցաւ նաեւ Հարվըրտ համալսարան, ուր ան 31 Յուլիսին դասախօսեց յառաջընթաց արձանագրող երկիրներու մասին, եւ իր զոյգ դասախօսութիւններուն համար գովասանքի արժանացաւ Կրընոպլի եւ Հարվըրտ համալսարանի պատասխանատուներուն, փրոֆեսէօրներուն եւ ուսանողներուն կողմէ:
Դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան, որ հետեւողական կերպով հրաւէրներ կը ստանայ դասախօսելու Հարվըրտի, Շիքակոյի, Կրընոպլի եւ շարք մը լիբանանեան համալսարաններու մէջ, դարձեալ Հարվըրտ համալսարանէն ստացած է Դեկտեմբեր 2013ին եւ Յունուար 2014ին դասախօսելու հրաւէրներ:
Իսկ իր կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին, ան Հարվըրտ համալսարանի Միջինարեւելեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին (Սենթըր ֆոր Միտըլ Իսթըրն Սթատիզ) կողմէ ստացած է նաեւ Հարվըրտ համալսարանի փրոֆեսէօրներուն հետ գործակցելու հետազօտական ծրագիրի մը առաջարկը՝ «Լիբանանի ֆինանսական մարզի պատմականը» նիւթով: