ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ Երեւանի դպրոցներուն մէջ ճատրակի դասապահեր պիտի ունենան նաեւ 4րդ դասարանցիները. այս մասին 28 Օգոստոսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեանը:
Ան նշեց, որ մինչեւ օրս դպրոցներուն մէջ ճատրակի դասապահերու կը հետեւէին երկրորդ եւ երրորդ դասարանցի աշակերտները:
«Շախմատ առարկայի մուտքը դպրոց արդիւնաւէտ էր երեխաների տրամաբանութեան զարգացման իմաստով, առարկան ուսումնասիրելուց յետոյ ունենք ուրախացնող արդիւնքներ, շատ աւելի հեշտացել է երեխաների համար մաթեմատիկական առարկաների ընկալման հարցը», յայտնած է ան։
Գայիանէ Սողոմոնեանի համաձայն, արդէն պատրաստ են 4րդ դասարանցի աշակերտներուն համար անհրաժեշտ գիրքերն ու տետրակները, իսկ այն դպրոցներուն մէջ, ուր աշակերտներու թիւի աճ արձանագրուած է, պիտի բացուին ճատրակի երկրորդ դասարանները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.