ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Այս տարի մայրաքաղաքին մէջ կատարուած բակային տարածքներու կուպրապատման, կարգ մը պարագաներուն ալ փոսալցման աշխատանքներուն ընդհանուր տարածքը կազմած է 1 միլիոն 100 հազար քառակուսի մեթր: Գործընթացը արդէն աւարտական հանգրուանին մէջ կը գտնուի:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, թէ ընդամէնը 2-3 վարչական շրջաններուն մէջ է, որ տակաւին ծրագիրը կը շարունակուի: Երեւանի քաղաքապետարանի 2013ի շինարարական–բարեկարգման ծրագիրը սկսած է Մարտին: Այսօր արդէն կուպրապատուած, բարեկարգ ու պատշաճ տեսք տրուած է 1000է աւելի բակերու ու միջբակային ուղիներու:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է նաեւ ծայրամասային փողոցներու կուպրապատման, որովհետեւ հոն բարեկարգման աշխատանքներու անհրաժեշտութիւնը հրատապ դարձած էր արդէն: Յիշեցնենք, որ ընթացիկ տարուան կուպրապատման տարածքներուն թիւերը մրցանշային էին՝ 2.5 միլիոն քառակուսի մեթր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.