ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 25-28 Օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած ռուս հասարակական գործիչներու եւ լրագրողներու պատուիրակութիւնը 29 Օգոստոսին այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիր: Պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղած են անմար կրակին շուրջ եւ այցելած են Ցեղասպանութեան թանգարան:
Հայաստանի մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ եւ տարբեր տեսակի ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին պիտի ներկայացուին հայկական կողմին դիրքորոշումները միջազգային եւ տարածաշրջանային գերակայ հարցերու նկատմամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.