ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի համալսարանական կրթաթոշակներու առաւելագոյն շեմ պիտի սահմանուի: Հայաստանի կառավարութիւն 29 Օգոստոսի համաձայնութիւն տուած է «Կրթութեան մասին» եւ «Բարձրագոյն եւ յետբուհական մասնագիտական կրթութեան մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւն կատարելու նախագիծին, որ պիտի ներկայացուի Հայաստանի Ազգային ժողովի քննարկման:
Օրէնքներու նախագիծով նաեւ կը ճշդուին տնտեսական դժուարութիւն դիմագրաւող խումբեր, որոնք պիտի ունենան կրթաթոշակի որոշ զեղչեր։ «Սահմանուել է, որ բուհի վճարովի համակարգում սովորող ուսանողների վարձավճարներից գոյացած բիւջէի առնուազն 7 տոկոսի չափով իրականացւում է ուսման վարձի մասնակի փոխհատուցում՝ հիմք ընդունելով բարձր առաջադիմութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ 42 լաւագոյն ուսանողներուն կրթաթոշակը անվճար պիտի ըլլայ:
Անդրադառնալով կրթաթոշակի գիներու յաւելման դէմ պայքարող ուսանողներուն բողոքին՝ Ա. Աշոտեան նշած է, որ ուսանողներուն նամակը անստորագիր էր, եւ անհասցէ։ «Տարօրինակ է, որ մի քանի շաբաթ պայքարելով այս խնդրի լուծման համար՝ 1 շաբաթ պահանջուեց, որ ինձ հետ հանդիպումից յետոյ նամակ ձեւակերպուի», նշած է նախարար Աշոտեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.