ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Մինչ Սուրիոյ վրայ արեւմտեան յարձակումի մը մասին տարաձայնութիւնները կը շարունակէին լուսարձակներ խլել, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Հինգշաբթի, Օգոստոս 29ին յայտարարեց, թէ երկրին զինուորական ուժերը կարողութիւնն ունին ժողովուրդը պաշտպանելու արտաքին որեւէ յարձակումէ: Ասատ շեշտեց. «Որեւէ յարձակումի դէմ մենք մեզ պիտի պաշտպանենք»:
Նաեւ, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մքտատ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա «ահաբեկիչներուն» օգնեցին Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքեր օգտագործելու՝ աւելցնելով, որ այդ նոյն խմբաւորումները մօտ օրէն այդ զէնքերը Եւրոպայի դէմ պիտի օգտագործեն: Ան ըսաւ, որ ՄԱԿի հետաքննիչներուն յանձնուած են փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ «զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները» ենթադրեալ յարձակումներու բոլոր վայրերուն մէջ «սարին» կազը օգտագործած են: Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի եւս յայտնեց, որ Սուրիա այս տագնապէն աւելի ուժեղ դուրս պիտի գայ եւ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերեալ Արեւմուտքին «կեղծ ամբաստանութիւնը» պիտի դիմակայէ ժողովուրդին տոկունութեամբ ու միասնականութեամբ: Ան ազդարարեց, թէ «Սուրիա ներխուժողներուն գերեզմանը պիտի ըլլայ»:
Նոյն օրը, ռուսական բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, որ Սեւ Ծովու տորմիղին մաս կազմող հրթիռարձակ մարտանաւ մը Միջերկրական ծով կ՛ուղղուի, իսկ աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, թէ հիւսիսային նաւատորմիղէն այլ մարտանաւ մը պիտի միանայ անոր եւ արդէն իսկ շրջանին մէջ գտնուող ռուսական այլ մարտանաւերու:
Նաեւ, Փենթակոնը յայտարարեց, թէ ամերիկեան 5րդ մարտանաւը ուղարկած է Միջերկրական ծով: Ֆրանսա եւս ռազմանաւ մը ուղղարկեց Միջերկրական ծով:
Դամասկոսի մէջ, ՄԱԿի քննիչները Հինգշաբթի օր շարունակեցին իրենց հետախուզութիւնները եւ կ՛ակնկալուի, որ անոնք Շաբաթ օր հեռանան Սուրիայէն:
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ հետաքննիչներուն պէտք է ժամանակ տրամադրել ճշդելու համար, թէ արդեօք քիմիական զէնք օգտագործուա՞ծ է հոն: «Պէտք է իրականութիւնը գիտնալ: ՄԱԿի հետաքննիչներու խմբակը այժմ հոն է, որպէսզի այդ մէկը կատարէ: Յարձակումէն հազիւ քանի մը օր ետք արժէքաւոր նմոյշներ առին եւ վիրաւորներն ու վկաները հարցաքննեցին: Խմբակը իր առաքելութիւնը կատարելու համար ժամանակի կարիք ունի: Պէտք է դիւանագիտութեան առիթ տրուի», ըսաւ ան եւ Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց միակամութիւն ցուցաբերելու եւ Սուրիոյ հարցով իր բարոյական եւ քաղաքական պարտաւորութեանց տէր կանգնելու:
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ «քիմիական զէնքերու ենթադրեալ օգտագործման հակադարձելու համար, ամերիկեան զինուորական որեւէ միջամտութիւն Ապահովութեան խորհուրդի հաւանութեան կը կարօտի»:
Լոնտոն եւ Ուաշինկթըն կը պնդեն, թէ իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ քիմիական զէնքով յարձակում մը տեղի ունեցած է, եւ «Ասատի վարչակարգին պատասխանատուութեան շուրջ նուազագոյն կասկածն իսկ չունին»:
Սակայն, Հինգշաբթի օր, Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն խոստացաւ ՄԱԿի քննիչներու առաքելութեան զեկուցումին սպասել, մինչ խորհրդարանը արտակարգ նիստ մը սկսաւ՝ քննելու համար հարցը: Ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութիւնը արդէն իսկ խոստացած է Սուրիոյ մէջ ռազմական միջամտութեան ծրագիրին դէմ քուէարկել: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը հաղորդեց, թէ Բրիտանիոյ իշխող Պահպանողական կուսակցութենէն աւելի քան 70 երեսփոխաններ եւս Սուրիոյ մէջ ռազմական միջամտութեան դէմ են:
Յայտնենք, թէ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Կիպրոս ուղարկած է «Թայֆուն» տիպի 6 օդանաւեր, պաշտպանելու համար այնտեղի ռազմակայանները:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Գերմանիյ վարչապետ Անկելա Մերքել իրենց կարգին յայտարարեցին, թէ Ապահովութեան խորհուրդը ՄԱԿի հետաքննիչներու զեկուցումը ուսումնասիրելէ ետք միայն որոշում մը պէտք է տայ Սուրիոյ հարցով՝ շեշտելով, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները Իրաքի ու ամբողջ տարածաշրջանին ուղղուած սպառնալիք են:
Իր կարգին, Չինաստան միջազգային համայնքին ինքնազսպումի եւ Սուրիոյ թղթածրարին հետ հանդարտութեամբ վարուելու կոչ ըրաւ:
Նաեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ ռազմական միջամտութիւն կատարելու Արեւմուտքի ծրագիրը ՄԱԿի ուխտին ուղղուած մարտահրաւէր մըն է:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի ամերիկեան միջամտութիւններն ու Սուրիոյ դէմ սպառնալիքները նկատեց «շրջանը հարուածող աղէտ մը»՝ շեշտելով, որ «ամերիկացիները Իրաք եւ Աֆղանիստան միջամտելով վնասներ կրեցին եւ այս անգամ եւս վնաս պիտի կրեն»:
Նաեւ, ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն, նոյն դաշինքի անդամ երկիրներու դեսպաններու ժողովին աւարտին յայտնեց, որ քիմիական զէնքի օգտագործումը «անընդունելի է եւ առանց պատասխանի չի կրնար մնալ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.