ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ժամանակ» թերթը 17 Օգոստոսի թիւով, իր խմբագիրին՝ Արա Գօչունեանի, ստորագրութեամբ հրապարակած է լուր մը, որ կը կրէ հետեւեալ վերնագիրը. «Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան վերահաստատած է իր հաւատարմութիւնը Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի նկատմամբ եւ սէրը՝ Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին հանդէպ»:
Գօչունեան իր տեղեկութիւնները կը հիմնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի թեմակալ առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի հետ իր ունեցած հեռախօսային զրոյցին վրայ:
«Կը տեղեկանանք, որ այս մթնոլորտին մէջ, իր յայտնի տխուր նամակը ստորագրելէ ետք, առաջին անգամ Երուսաղէմի պատրիարքը անուղղակի պատգամներ փոխանցած է Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնին: Այդ անուղղակի պատգամները փոխանցուած են նոյնպէս անուղղակի շփումի մը միջոցաւ: Ըստ երեւոյթին, անկարելի է անմիջապէս համոզուիլ այդ բոլորի անկեղծութեան մասին, սակայն առկայ ալեկոծեալ վիճակին մէջ, յամենայնդէպս, յոյսի նշոյլ մը ըլլալով՝ ընդունիլ հակուած են(ք) այդ բոլորը. մաղթենք չյուսալքուինք…», կը գրէ Գօչունեան՝ բաւական անորոշ թողելով այս անուղղակի պատգամներու մասին լուրի աղբիւրը:
Անմիջապէս ետք, սակայն, Գօչունեան կը շարունակէ գրելով. «Երէկ երեկոյեան ժամերուն հեռաձայնային տեսակցութիւն մը ունեցանք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի հետ, որ Ամենայն հայոց հայրապետին անմիջական գործակիցներէն մին ըլլալու առընթեր, անդամ է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան: Հեռախօսազրոյցի ընթացքին, նորին սրբազնութիւնը յատուկ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին եւ մեզի փոխանցեց վերջին օրերուն ապրուած կարեւոր իրադարձութեան մը մանրամասնութիւնները՝ դրական շեշտով: Այսպէս, երեք օր առաջ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեան հեռաձայնած է Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանին: Թէեւ բոլորովին ուրիշ նիւթ մը շօշափելու համար, Ամեն. Ս. պատրիարք հայրը զանգահարած է Արեւելեան թեմի առաջնորդին, սակայն, երկու բարձրաստիճան եկեղեցականներու զրոյցին ընթացքին խօսք բացուած է նորին ամենապատուութեան կողմէ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին ուղարկուած նամակին եւ անով պայմանաւորուած զանազան հանգամանքներու շուրջ: Ըստ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. պատրիարք հայրը իրեն յայտնած է, որ ոչ մէկ հարց ունի Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ վեհափառ հայրապետին հետ: Ան վերահաստատած է իր սէրն ու հաւատարմութիւնը Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Ամենայն հայց. վեհափառ հայրապետին հանդէպ: Երուսաղէմի պատրիարքը նշած է, թէ ինք ուզած է բացատրել իր վրդովմունքը Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականին կապակցութեամբ»:
Գօչունեան կը շարունակէ. «Այս կէտին վրայ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան նորին ամենապատուութեան յայտնած է, թէ աւելի նախընտրելի պիտի ըլլար, եթէ այդ վրդովմունքը չարտայայտուէր մամուլի միջոցաւ: Ի պատասխան՝ Երուսաղէմի պատրիարքը նշած է, թէ ինք տեղեակ չէ, որ այդ նամակը ի՞նչ ձեւով դարձած է զանգուածային լրատուութեան միջոցներու սեփականութիւնը: Նորին ամենապատուութիւնը աւելցուցած է նաեւ, թէ իր արտայայտած տեսակէտներն ալ եւս են ի շահ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի:
Երուսաղէմի պատրիարքը կնա՞յ վերատեսութեան ենթարկել Ս. Էջմիածինի մէջ կայանալիք եպիսկոպոսական ժողովին չմասնակցելու իր որոշումը: Այս հարցումին պատասխանելով՝ Խաժակ արք. ըսած է, թէ այդ հարցը պէտք է ուղղել պատրիարքին եւ թէ «կրնայ ըլլալ ու պէտք է ըլլայ, որ Ամեն. Ս. պատրիարք հայրը վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը»:
Եպիսկոպոսական ժողովի թուականը արդէն իսկ յստակ է եւ հայոց երկու կաթողիկոսներուն կողմէ յառաջացած յանձնախումբը սկսած է այս ժողովի նախապատրաստութեան աշխատանքներուն. յուսանք շուտով մամուլով կը տեղեկանանք եկեղեցական այս պատկառելի ժողովի օրակարգին մասին:
Յամենայնդէպս, «Ժամանակ»ի խմբագիրի տողերէն դրսեւորուած փափաքն ու ցանկութիւնը մենք ալ կը կիսենք: Երանի թէ մեր եկեղեցւոյ ղեկավարները կարենան շինիչ մթնոլորտի մէջ քննել եւ լուծումներ փնտռել թէ՛ եկեղեցական եւ թէ ազգային կարեւորագոյն խնդիրներուն: Դժբախտաբար, Խաժակ սրբազանի խօսքերուն մէջ մենք Երուսաղէմի պատրիարքին կողմէ դիրքորոշման փոփոխութեան շեշտ չենք տեսներ, աւելի շատ՝ սրբազանին փափաքը կամ ակնկալութիւնն է, զոր կը դրսեւորուի, զոր, անշուշտ մենք ալ կը կիսենք:
Ի վերջոյ, ի շահ եկեղեցւոյ, ի շահ մեր ազգին, մեր բոլոր նուիրապետական աթոռներուն միջեւ համագործակցութիւնը խիստ ցանկալի է՝ համազգային նպատակներու շուրջ ուժերու համախմբան իրենց բերելիք նպաստով:
Յանուն նոյն այս համագործակցութեան մթնոլորտին, անհրաժեշտ է անշուշտ, որ փոխադարձ յարգանքը ըլլայ անկեղծ, հիմնուած՝ մեր հոգեւոր առաջնորդներու ղեկավարական շնորհներուն, անոնց մաքրամաքուր վարքին ու ազգային տեսիլքներուն վրայ, այլ ոչ թէ պարզապէս գոյակցութեան սիրոյն թերութիւնները կոծկելու ճամբով: