
Ռուսական «Քամըտի Քլապ Փրոտաքշըն» (Comedy Club Production-CCP) ընկերութեան գլխաւոր սեփականատէր Արթիւր Ճանիբեկեան իմանալով, որ «ի-Պէյ»ի (eBay) վրայ վաճառքի հանուած է Նարեկացիի ձեռագիրը, որուն մեկնարկային գինը սահմանուած էր 30,000 տոլար, անմիջապէս կապուած է ձեռագիրի սեփականատէրերուն հետ եւ պայմանաւորուած է դադրեցնել աճուրդը: Եզակի այս գիրքը այժմ կը պատկանի Հայաստանի Մատենադարանին: