ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 30 Օգոստոսին ընդունած է Վրաստանի փոխվարչապետ, տնտեսութեան եւ կայուն զարգացման նախարար Գէորգի Կվիրիկաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը կարեւոր նկատելով՝ վարչապետը յայտնած է. «Մենք պէտք է շարունակենք ջանքեր գործադրել՝ երկկողմ կապերի զարգացման եւ ընդլայնման համար: Դա բխում է մեր ժողովուրդների շահերից: Պէտք է ստեղծենք ընդհանուր տարածք, որտեղ մեր ժողովուրդները կը գործեն ազատ, կը գործակցեն տարբեր ոլորտներում, ինչը կը ստեղծի տնտեսական կապերի խորացման մեծ հնարաւորութիւններ»:
Կառավարութեան ղեկավարին համաձայն, առկայ է երկկողմանի փոխըմբռնում բոլոր հարցերուն գծով, ինչ որ հայ-վրացական եղբայրական փոխգործակցութեան զարգացման կարեւորագոյն նախապայմաններէն մէկն է։
Վրաստանի փոխվարչապետը իր կարգին նշած է, որ Վրաստանի իշխանութիւնները եւս շահագրգռուած են Հայաստանի հետ փոխշահաւէտ ներդրումային ծրագիրներու իրականացմամբ, տարբեր ոլորտներու մէջ կապերը աւելի սերտացնելով:
Այդ իմաստով Հայաստանի վարչապետը եւ Գէորգի Կվիրիկաշվիլին քննարկած են փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ մաքսային բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Թիֆլիսի միջեւ ուղիղ թռիչքներու վերականգնման առնչուող հարցեր:
Կողմերը կարեւոր նկատած են նաեւ հայ-վրացական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստերու գումարումը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է նիստերը մօտիկ ապագային կայացնելու գծով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.