
ԹՈՐՈՆԹՕ.- ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Միջցամաքամասային խմբապետներու վերաորակաւորման եւ Վկայեալ կարգի միացեալ դասընթացքը սկիզբ առաւ Կիրակի, 25 Օգոստոսին, Թորոնթոյի Սէյնթ Քաթրինզ շրջանին մէջ։
Բացման արարողութեան ներկայ էին Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեան, ՀՄԸՄի Քանատայի Շրջանային վարչութեան անդամները գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիրան Շահինեանի, Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամները ու մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ սկաուտական խորհուրդներու անդամները։
Դրօշակի արարողութենէն ետք, Քանատայի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք փոխանցեց Տիրան Շահինեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նմանօրինակ դասընթացքներու կարեւորութեան վրայ, մասնաւորելով անկէ սպասուած արդիւնքները շրջաններու մէջ եւ խօսքը ուղղելով Կեդրոնական վարչութեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ այս դասընթացքը կ՛իրագործուէր Թորոնթոյի մէջ, հիւրընկալութեան քաղցր պարտականութիւնը վստահելով Քանատայի շրջանին։
Կարպիս Գապասագալեան Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առնելով, դասընթացքի մասնակցող խմբապետ-խմբապետուհիները հրաւիրեց գիտակցելու այն պարտականութեան, որուն կոչուած են իրենց պաշտօններուն առընթեր դաստիարակելու նորահաս սերունդները կակուղ թաթիկէն մինչեւ երէցները եւ այն իրողութեան, որ շրջաններու պատասխանատու մարմինները կ՛ակնկալեն իրենցմէ այս դասընթացքի իրենց մասնակցութեամբ, որուն յաջողութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ իւրաքանչիւրի ներգործօն դերակատարութեամբ։ Ապա խօսքը ուղղելով հիւրընկալ շրջանին՝ Քանատային, ան բարձրօրէն գնահատեց շրջանի մասնաճիւղերն ու պատասխանատու մարմինները, որոնք իրենց բացառիկ ու ջերմ հիւրընկալութեամբ ոչինչ խնայեր էին հեռաւոր թէ մօտակայ շրջաններէն ժամանած քոյր-եղբայրներուն, որոնք առաջին իսկ վայրկեանէն վայելեր էին ՀՄԸՄի ընտանիքին անդամակցութեան արժէքը։
Հանգամանաւոր խօսքերէն ետք Գառնիկ Նազարէթեան յանձնեց յիշատակի սկաուտական գաւազաններ, որոնք պատրատուած էին իր կողմէ ձեռային խնամուած աշխատանքով, Կարպիս Գապասագալեանին, Թալին Հինտոյեանին եւ Ալին Պաղտասարեանին։
Դասընթացքը երկարեցաւ 5 օրերու վրայ, որուն ընթացքին մասնակցողները միասնաբար սերտեցին, ուսումնասիրեցին, քննարկեցին ու ներկայացուցին ազգային, միութենական, սկաուտական դաստիարակչական նիւթեր, որոնք կը վերաբերին սկաուտական խմբաւորումներու գործունէութեանց, ինչպէս նաեւ գործնական կիրարումներով փորձառկեցին սկաուտական արարողութիւններ։
Դասընթացքին մասնակցեցան Քանատայի շրջանէն 24, Հարաւային Ամերիկայէն՝ 13, Աւստրալիայէն՝ 4, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն՝ 2 եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներէն՝ 3 գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարմանուհի խումբերու խմբապետ-խմբապետուհիներ։
Դասընթացքի նախօրեակին՝ Շաբաթ, 24 Օգոստոսին, բանակողները նախաճաշի հիւրը եղան Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեանին եւ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը վայելեցին ներկայութիւնը թեմի ռաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի, որ իր հայրական յորդորներն ու օրհնութիւնը տուաւ խմբապետներուն, ապա հայր Մեղրիկ ներկաներուն յանձնեց յուշանուէրներ եւ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակի նկարներ առնելէ ետք հրաժեշտ տուին հոգեւոր հայրերուն։
Բանակավայր մեկնելէ առաջ անոնք այցելեցին քաղաքի տեսարժան վայրերը, ապա յատուկ դասաւորումով մը այցելեցին «Ճորճթաուն» կեդրոնը, ուր ապաստան գտած էին Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած 50 որբեր։ Խոնարհելէ ետք անոնց յիշատակին զետեղուած յուշաքարին առջեւ, երեկոյեան մեկնեցան բանակավայր։