
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան յանձնախումբը մշակած է արտագաղթի կասեցման ծրագիր, որ կը կոչուի «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում»: Անիկա կը բաղկանայ 11 յստակ ու ճշգրիտ ուղղութենէ եւ կը ներառէ շուրջ 95 գործողութիւն, ինչպէս նաեւ կան կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հանգրուաններ:
Ծրագիրին մէջ կան շատ ուրոյն լուծումներ: Արտագաղթի կասեցման պարունակին մէջ կ՛առաջարկուի վերանայիլ իրականացուող մարդուժի եւ աշխատակազմերու քաղաքականութիւնը: Օրինակ կ՛առաջարկուի պաշտօններէն անմիջապէս հեռացնել այն անձերը, որոնք իրենց հակաընկերային, հակապետական, հակաքրիստոնէական վարքուբարքով պետութեան անունով որոշ գործառոյթներ կը կատարեն, քանի որ անոնց գործունէութեան պատճառով է, որ մարդիկ կ՛ունենան հիասթափութեան զգացում:
Այս մասին «Թերթ»ին հետ զրուցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, որ ըսած է, թէ արտագաղթը իր ահագնացող չափերով այլեւս ազգային անվտանգութեան սպառնալիք է:
«Երրորդ Հանրապետութեան ողջ ժամանակահատուածից սկս-ած մինչ այս պահը, ինչպէս ցոյց են տալիս տարբեր վերլուծութիւններն ու սոցիոլոգիական հետազօտութիւնները, Հայաստանը կորցրել է իր բնակչութեան մէկ երրորդից աւելին: Այլ կերպ ասած՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնում եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնում բն-ակչութեան ժողովրդագրական զարգացումները բերել, կանգնեցրել են անկախ պետականութեան կորստի հնարաւորութեան առաջ», նշած է Արծուիկ Մինասեան:
Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին՝ փոխուած է նաեւ արտագաղթի որակական կազմը: Արդարեւ, եթէ նախապէս հիմնականին մէջ արտագաղթողներուն մեծ մասը իբրեւ պատճառ ունէր աշխատանք եւ բաւարար վարձատրութիւն չունենալու հանգամանքը, ապա հիմա արտագաղթի մղող հիմնական ազդակ են անարդարութիւնն ու ապագայի նկատմամբ անորոշութիւնը:
«Եւ որ ամենասպառնալիցն է, դրանում մեծ մաս է կազմում երիտասարդութիւնը, ինչը փաստացի վերարտադրութեան ռեսուրսի նուազեցում է: Սա նաեւ ձեւաւորել է արտագաղթի այսպէս ասած՝ ցանցային համակարգի ձեւաւորումը, երբ գնացողն իր հետ է տանում հարեւանին, բարեկամին, անգամ եթէ նրանք էստեղ աւելի բարեկեցիկ վիճակում են», ըսած է Արծուիկ Մինասեան՝ նշելով, որ արտագաղթի նուազեցման ծրագիրին մէջ կարեւորագոյնը քաղաքական եւ հասարակական ամբողջ պաշարներուն զօրաշարժն է:
Այդ նպատակով Դաշնակցութիւնը Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն կը նախատեսէ քննարկումներ կայացնել իշխանութիւններուն եւ քաղաքական ուժերուն ու հասարակական տարբեր հատուածները ներկայացնող կողմերուն հետ: Փորձ պիտի կատարուի քննարկումներուն մէջ ներգրաւելու նաեւ եկեղեցին, սփիւռքի ազդեցիկ հատուածներն ու գործիչները, որպէսզի մշակուի վերջնական գործողութիւններու յատակագիծ։
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ այդ 95 գործողութիւնները, բնականաբար, կը պահանջեն նիւթական հսկայական պաշարներ, Արծուիկ Մինասեան նշած է. «Ոչ միայն պահանջում են, այլեւ աւելի մեծ միջոցներ են պահանջում, քան որեւէ մէկը կարող է մտածել, որ դրանց կը բաւարարի միայն պետական բիւջէն: Ո՛չ, պետական բիւջէն բաւարար չէ, եւ դրա համար էլ նախատեսւում են այսպէս ասած՝ հանրային ֆոնդեր: Ինչպիսին օրինակ՝ նոյն վերաբնակեցման գաղափարն է թէ՛ սահմանամերձ եւ թէ ազատագրուած տարածքներում»:
Ան նկատել տուած է, որ պէտք է փոխուի ծնելիութեան խրախուսման ուղղուած ողջ քաղաքականութիւնը, որուն համար եւս նիւթական պաշարներու կարիք կայ։
«Բայց առաւելապէս մինչեւ ֆինանսական ռեսուրսներին հասնելը պէտք է հասնել նրան, որ ծրագիրը ընկալելի դառնայ բոլորին: Եւ իշխանութիւնների կամքն այստեղ խիստ կարեւոր է», յայտնած է Արծուիկ Մինասեան:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ովքե՞ր են դատաւորները, որ օրինակ՝ մարդուժի քաղաքականութեան մէջ պէտք է որոշեն, թէ այսինչ պաշտօնեան հակապետական, հակաընկերային, հակաքրիստոնէական գործունէութիւն կը կատարէ՝ Արծուիկ Մինասեան ըսած է. «Դատաւորը իշխանութեան եւ հասարակութեան ակտիւ զանգուածն է, եթէ իշխանութիւնն այնքան կամք ունենայ եւ կարողանայ ասել, որ օրինակ՝ այսինչ պաշտօնատար անձն իսկապէս իր վարքագծով չի ապահովում պետութեան զարգացումը: Ես միտումնաւոր անուններ չեմ տալիս, որպէսզի նոր հակադրութիւնների տեղիք չտամ, որովհետեւ եթէ ես հիմա անուն հրապարակեմ, ապա հնարաւոր է՝ իշխանութիւնը չգնայ այդ քայլին»:
Արծուիկ Մինասեան նկատել տուած է, որ պէտք է փոխուի երկրի քաղաքական-հասարակական իրադարձութիւններու ներկայացումը՝ նշելով. «Այսօր մենք ունենք երկու հակադիր մօտեցում. մի կողմից ամէն ինչ բացասական ներկայացնելն է, միւս կողմից՝ «ամէն ինչ լաւ է, դրական է, աչք ունեցողը կը տեսնէ» քաղաքականութեան դրսեւորումն է: Սրանք երկու ծայրայեղութիւններ են, որոնք բերում են հասարակութեան մէջ հիասթափութեան աւելացմանը, սոցիալական դեգրադացիայի: Եւ պատահական չէ, որ հեռացողների մի զգալի հատուած պատասխանում է, որ Հայաստանում իրենց ապագան չեն տեսնում»:
Ասիկա, ըստ Արծուիկ Մինասեանի, կը նշանակէ, որ փոփոխութիւններու եւ հրապարակային քարոզչութեան անհրաժեշտութիւն ունի նաեւ տեղեկատուական համակարգը:
«Այնքան, որքան հակահայաստանեան քարոզչութիւն է իրականացւում, նոյնքան էլ կամ դրանից աւելի ներքին քարոզչութիւն հակապետական ընթացք է ստանում մեր երկրի ներսում», նկատել տուած է ընդդիմադիր պատգամաւորը եւ աւելցուցած. «Իշխանութիւններին քննադատելը չպէտք է ընկալուի որպէս երկրին ու պետութեանը ուղղուած քննադատութիւն: Սա փոխադարձ ընկալելի պէտք է լինի թէ՛ քննադատողների եւ թէ քննադատուողների համար: Եւ քննադատողներն էլ չպէտք է այնքան հեռուն գնան, որ իշխանութիւններին քննադատելու փոխարէն սկսեն երկիրը փնովել»:
Բնականաբար, ծրագիրին մէջ կան հարկային, մաքսային, առողջապահական, բանակին վերաբերող կարգաւորումներ: Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ի՞նչ երաշխիք կայ այն մասին, որ իշխող մեծամասնութիւնը զայն կեանքի կը կոչէ, այսինքն՝ կա՞յ այս մասին քաղաքական պայմանաւորուածութիւն, դաշնակցական պատգամաւորը ըսած է, որ ո՛չ, թէեւ շատ կը փափաքին քաղաքական համաձայնութիւն ձեռք բերել քննարկումներու հանգրուանին։
Իսկ եթէ իշխանութիւնը հրաժարի ծրագիրի գործադրութենէն, ապա, ըստ Արծուիկ Մինասեանի, պէտք է յաջողին հանրութիւնը համախմբել ծրագիրին շուրջ՝ «ընդհուպ մինչեւ իշխանափոխութեան միջոցով վերացնելու այդ խոչընդոտը»: