ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ռուսական 9 նշանաւոր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ 12-15 Սեպտեմբերին ճանաչողական այցելութիւն կու տան Հայաստան: Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի հանրային կապերու ծառայութեան համաձայն, հրաւիրեալներու կարգին են «ԷԼԼ», «Թոփ պիութի», «Տը կուտ հաուսքիփինկ», «Էրոֆլոթ փրիմիում», «Ին սթայլ», «Ուըրլտ աֆ իմփրեշըն» ամսաթերթերը, «ՌԱԹԱ Նիուզ» ելեկտրոնային օրաթերթի եւ«Քոմսոմոլսքայա փրավատա» թերթի ու «kp.ru» կայքի լրագրողները: Այցելութեան նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի՝ որպէս գրաւիչ զբօսաշրջային վայրին մասին ճանաչելիութեան մակարդակը ռուսական շուկային մէջ եւ խթանել ներգնայ զբօսաշրջային հոսքերու աճը:
Ճամբորդութեան ընթացքին լրագրողները պիտի այցելեն Հայաստանի տեսարժան վայրերը, պիտի ծանօթանան պատմամշակութային եւ հոգեւոր հարուստ ժառանգութեան, ազգային աւանդութիւններուն եւ ժամանակակից կեանքին: Այցելութենէն ետք նշուած լրատուամիջոցները պիտի հրապարակեն յօդուածներ Հայաստանի վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ՝ երկրի տեսարժան վայրերը ներկայացնող լուսանկարներու շարք:
Այս նախաձեռնութիւնը կ՛իրականանայ Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան «Ձեռնարկութիւնների զարգացման եւ շուկայի մրցունակութեան» ծրագիրի ու «Արմէնիա Մարիոթ» պանդոկի աջակցութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.