
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 12 Սեպտեմբերին ընդունած է Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ Եւրկեն Քլիմքէն եւ անոր ընկերակցող անձերը: Քննարկուած են Արցախի եւ Գերմանիոյ միջեւ փոխգործակցութեան տարբեր ուղղութիւններ: Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ Արցախը հետաքրքրուած է Գերմանիոյ հետ յարաբերութիւններու ամրապնդմամբ՝ նշելով, որ անոր համար անհրաժեշտ նախադրեալներ կան արդէն:
Հանդիպման մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի հայ-գերմանական միջխորհրդական բարեկամական խումբի նախագահ Արտակ Դաւթեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր: