ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակած է յայտարարութիւն մը՝ դատապարտելով հասարակական գործիչներուն, որոնց կարգին Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիին նկատմամբ յարձակումները, որոնք սկիզբ առին 22 Օգոստոսին: Յայտարարութեան մէջ գրուած է.
«Վերջին յարձակման ընթացքին՝ 5 Սեպտեմբերին, երկու քաղաքացիներ դաժան ծեծի ենթարկուեցան եւ իբրեւ հետեւանք տարուեցան հիւանդանոց, ուր անոնցմէ մէկը վիրահատուեցաւ: Յարձակումներուն զուգահեռ կան նաեւ տեղեկութիւններ այն մասին, որ գործիչներուն կը հետեւին, անոնց կը սպառնան եւ նեղութիւն կու տան։
«Կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի կառավարութեան՝ շուտափոյթ գործողութիւններու ձեռնարկելու՝ դատապարտելու այդ յարձակումները, հետաքննութիւններ կատարելու ու պատժելու մեղաւորները: Պետութիւնը պէտք է երաշխաւորէ, որ քաղաքացիները հաւաքներ կազմակերպելու, արտայայտուելու ու խօսքի ազատութեան իրենց հիմնարար իրաւունքներէն կարենան օգտուիլ՝ առանց հաշուեյարդարէ վախնալու»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.