
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 13 Սեպտեմբերին ընդունած է Հայաստանէն Արցախ ուղղուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչուող հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատած են Մինսկի խումբի ծիրին մէջ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը: Նախագահ Սահակեան նշած է, որ հակամարտութեան կարգաւորման մեծագոյն խոչընդոտը կը հանդիսանայ պաշտօնական Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը՝ աւելցնելով, որ անիկա հետզհետէ աւելի մեծ սպառնալիք կը դառնայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան։ Այս իմաստով ան կոչ ուղղած է համանախագահին՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու տուեալ հարցին:
Նորանշանակ դեսպանը հանդիպումին ընթացքին իր ուրախութիւնը յայտնած է՝ «ձեր գեղեցիկ երկիրը այցելելու այս կարելիութեան համար»։ Ան հաստատած է, որ իր հիմնական առաքելութիւնը խաղաղութեան հասնիլն է: «Եթէ մենք իրօք կարենանք հասնիլ վերջնական խաղաղութեան, բնական է, որ պիտի զարգացնենք փոխադարձ վստահութիւնը բոլոր այն մարդոց միջեւ, որոնք կ՛ապրին հոս», հաստատած է ամերիկացի միջնորդը։
Ապա Ուորլիք ուղղուած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծ՝ ԵԱՀԿ առաքելութեան դիտարկման, Ասկերանի ուղղութեամբ: Ան դիտարկման մասնակցած է ղարաբաղեան կողմէ։
Ղարաբաղեան կողմէն առաքելութեան կ՛ընկերակցէին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկում կատարած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնական Իրժի Ապերլեն (Չեխիա):
Հակառակ կողմի դիտարկման մասնակցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնական Խրիսթօ Խրիսթովը (Պուլկարիա) եւ գրասենեակի աշխատակից Փեթըր Սուետպըրկը: