ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Լարք երաժշտական ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, հռչակաւոր եւ միջազգային շարք մը մրցանակներու տիրացած դաշնակահար Սվեթլանա Նաւասարդեան երկու ելոյթներ պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ մէջ:
Առաջին ելոյթը պիտի կայանայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 22ին, «Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան համերգաշարի 2013-2014 տարշրջանի առաջին ձեռնարկին ընթացքին, որ պիտի սկսի կ.ե. ժամը 3ին: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Զիփըր» սրահին մէջ (200 S. Grand Ave., Los Angeles, CA 90012):
Միջազգային մրցանակներու արժանացած Սվեթլանա Նաւասարդեանը պիտի ներկայացնէ Պախէն, Կոմիտասէն, Հովունցէն ու Մանսուրեանէն ստեղծագործութիւններ, իսկ Պրամզի դաշնամուրային հնգեակին համար՝ անոր պիտի ընկերանան Լոս Անճելըսի «Ֆիլհարմոնիք»էն Վարդի Մանուէլեան (ջութակ), «Դիլիջան»ի արուեստի բաժանմունքի վարիչ Մովսէս Պօղոսեան (ջութակ), Սան Ֆրանսիսքոյի օփերայի նուագախումբէն Քարլա Մարիա Ռոտրիկեզ եւ «Քոլպըրն» երաժշտանոցի դասախօսներէն հռչակաւոր թաւջութակահար Ռանըլտ Լենըրտ:
«Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան այս տարեշրջանի համերգաշարը նուիրուած է երաժիշտ, յօրինող Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 75ամեակին. ան աշխարհի տարածքին հռչակ շահած է յատկապէս «Ի.Սի.Էմ.» պիտակին տակ լոյս տեսած իր ստեղծագործութիւններուն շնորհիւ: Այս առիթով, 2014ի Յունուար 12ի համերգը, ներկայութեամբ մեծարեալին, ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի Մանսուրեանին, եւ ընթացքին պիտի ներկայացուին չորս տասնամեակներ շարունակ անոր հեղինակած վեց գործերը:
Նաեւ, այս տարեշրջանին ընթացքին, «Դիլիջան» պիտի ներկայացնէ երեք նոր գործեր՝ Փօլ Չիհարայէն, Արտաշէս Քարթալեանէն ու Վարդան Աճէմեանէն՝ ցարդ իր հովանաւորութեամբ արտադրուած ստեծագործութեանց թիւը հասցնելով 26ի:
«Դիլիջան» հիմնուած է 2005ին, «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան անդամներուն նախաձեռնութեամբ, նպատակ ունենալով հայկական սենեկային երաժշտութիւնն ու մշակոյթը, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի դասական ստեղծագործութիւններ ներկայացնել հանրութեան:
Համերգներու տոմսերուն գինը 20 եւ 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15: Տոմսեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-9997 թիւին կամ այցելել http://dilijan.larkmusicalsociety.com/tickets.php կայքէջը:
Համերգաշարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://larkmusicalsociety.com/dilijan կայքը կամ դիմել DilijanMusic@gmail.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.