ԵՐԵՒԱՆ.– «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյթզ անգամ մը եւս գլխաւորած է «Ֆորպզ» հանդէսի՝ 400 ամէնէն հարուստ ամերիկացիներուն ցանկը: Միացեալ Նահանգներու ամէնէն հարուստ քաղաքացիի կոչումը Կէյթզ կը պահպանէ 1994էն ի վեր:
Այս տարի «Ֆորպզ»ի փորձագէտները անոր կարողութիւնը գնահատած են 72 միլիառ տոլար, ինչ որ 6 միլիառ տոլարով աւելի է նախորդ տարիէն։
Ամերիկահայ Քըրք Քըրքորեան իր 3 միլիառ 900 միլիոն տոլար կարողականութեամբ այս տարի գրաւած է 118րդ դիրքը: 96ամեայ Քըրք Քըրքորեան՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով, բարելաւած է իր դիրքը: Նախորդ տարի ան 142րդ դիրքին վրայ էր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.