ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան տիրացած անձերուն թիւը 2013ի ինը ամիսներու տուեալներով 14 հազար 496 է: Այդ մասին նշուած է Ոստիկանութեան անձնագիրներու եւ վիզաներու վարչութեան տեղեկագիրին մէջ: Նշուած է, որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալ ուզողները տարուէ տարի աւելցած են:
«Եթէ 2008-2010 թթ. քննարկուել է Հայաստանի քաղաքացիութեան վերաբերեալ մօտ 15 հազար դիմում, այսինքն՝ իւրաքանչիւր տարի միջինը 5000, ապա 2011 եւ 2012 թուականներին իւրաքանչիւր տարի արդէն 15 հազար դիմում է ստացուել եւ քննարկւում», նշուած է ոստիկանութեան զեկուցումին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.