Սեպտեմբեր 16ին Վրաստանի բոլոր դպրոցներուն մէջ վերամուտ էր: Ախալցխայի հայկական դպրոցը եւս մարդաշատ էր: Մարդիկ դպրոց եկած էին շնորհաւորելու առաջին դասարան ըլլալիք բոլոր մանուկները եւ մաղթելու յաջողութիւններ:
Այս տարի Ախալցխայի հայկական դպրոցին մէջ բացուեցաւ երեք դասարան, ուր յաճախողներուն ընդհանուր թիւը առայժմ կազմեց 55 աշակերտ: Բոլոր առաջին դասարանի աշակերտները պետութեան կողմէ պիտի ստանան փոքրիկ համակարգիչներ: Ցաւօք անորոշ կը մնայ այբենարաններու հարցը, որոնք պէտք է Հայաստանէն բերուին:
Դասագիրքերու հարցը կը տագնապեցնէ նաեւ բոլոր շրջաններու հայկական վարժարանները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.