
Ալմաթիի «Լոյս» հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ Սեպտեմբեր 15ին տե-ղի ունեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հանդիպումը Զուիցերիոյ ՀՀ դեսպան, Ժընեւի ՄԱԿի գրասենեակի ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Շարլ Ազնաւուրի հետ, որ որպէս պատուաւոր հիւր կը մասնակցէր Ղազախստանի հարաւային մայրաքաղաքին մէջ կայացող Եւրասիական երաժշտական մրցանակաբաշխութեան (Eurasian Music Award) եւ ֆիլմի փառատօնին (Eurasian International Film Festival):
Հանդիպումը կազմակերպած էր Ղազախստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան նորանշանակ դեսպան Արա Սահակեան, Ալմաթիի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մարկոս քհնյ. Սարգսեան, Ղազախստանի հայերու «Նայիրի» միաւորման նախագահ Արտուշ Կարապետեան եւ ուրիշներ:
Շարլ Ազնաւուր հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ Ղազախստանի հայերու պատմութեան, անոնց ներկային, հայապահպանման խնդիրներուն նկատմամբ եւ խօսեցաւ ԼՂ հիմնահարցի հայանպաստ կարգաւորման ու Հայաստանի ընկերային-տնտեսական զարգացման աջակցելու ուղղութեամբ ձեռնարկած իր ջանքերուն մասին: Ան այցելեց նաեւ Ս. Կարապետ հայկական եկեղեցի: