ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27ին հաղորդուեցաւ, թէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամները Սուրիան քիմիական զէնքերէ զինաթափելու վերաբերեալ բանաձեւի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ բանաձեւը մօտ ատենէն քուէարկութեան պիտի դրուի: Համաձայնութիւնը գոյացած է, երբ անկէ դուրս բերուած է Սուրիոյ դէմ ուժի դիմելու սպառնալիքը:
Լաւրով «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին յայտնեց, թէ «Օգոստոս 21ին Ղութայի մէջ կատարուած յարձակումին ընդդիմութեան մեղսակցութեան շուրջ շատ համոզիչ փաստեր գոյութիւն ունին»՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիին փոխանցած է այդ մասին շարք մը տեղեկութիւններ:
Միւս կողմէ, լիբանանեան «Ախպար» թերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ վստահեցուցած է, թէ ներկայիս կացութիւնը «հոյակապ է»: Ան այդ արժեւորումը հիմնաւորելու համար նշած է, թէ նախ փորձ կատարուած է հարցը Սուրիոյ սիւննիներուն եւ փոքրամասնութիւններուն միջեւ բախումի վերածելու, սակայն կարելի եղած է այդ փորձը շրջանցել:
«Այլեւս աշխարհին յստակ դարձաւ, որ անոնք պարզապէս փոքրամասնութիւն մը եւ օտարահպատակներ են, իսկ մենք՝ Սուրիան ու անոր ժողովուրդը: Անոնք եւ զանոնք գործի լծողները ծրագիր մը չունին ու հիմա պաշտպանողական դիրքի վրայ են, իսկ մենք՝ յարձակողական», ըսած է Ասատ: Ան նաեւ նշած է, որ քիմիական զէնքերու կորուստը ռազմավարական կորուստ մը չէ եւ աւելցուցած, թէ Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը «աննախադէպ մակարդակ»ի հասած է, եւ՝ «ռուսական ամբողջական երաշխիքներ ունինք, թէ Սուրիոյ դէմ որեւէ պատերազմի շղթայազերծման պարագային՝ ռուսական ուժերը պիտի միջամտեն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.