ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նիստերու փոքր դահլիճին մէջ 1 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի՝ Ղարաբաղեան շարժման 25րդ տարեդարձի տօնակատարութեան պետական յանձնաժողովի հերթական նիստը:
Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, նիստը, զոր կը գլխաւորէր Ազգային ժողովի նախագահ, պետական յանձնաժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, ամփոփած է նախորդ շրջանին կատարուած աշխատանքները եւ ճշդած կատարուելիքները:
Նշուեցաւ, որ Յունուարին հաստատուած ծրագիրը՝ ըստ նախատեսուած նախաձեռնութիւններուն, հիմնականօրէն գործադրուած է: Միեւնոյն ատեն աշխատանք կը տարուի ծրագրային նոր նախաձեռնութիւններու նախապատրաստութեան ուղղութեամբ: Մասնաւորապէս, արդէն աւարտ մօտեցած են «Արցախի ազգային-ազատագրական պայքար. Գիւլիստանից մինչեւ մեր օրերը» ընդհանուր խորագիրով միջազգային գիտաժողովի կազմակերպման նախապատրաստական աշխատանքները: Նախատեսուած է, որ անիկա կայանայ 4-5 Հոկտեմբերին, Ազգային ժողովի նիստերու մեծ դահլիճին մէջ:
Ազգային ժողովի նախագահին համաձայն, գիտաժողովին, բացի Արցախի գիտական ոլորտի ներկայացուցիչներէն, հրաւիրուած են եւ զեկուցումներով հանդէս պիտի գան պատմաբաններ, քաղաքագէտներ, իրաւագէտներ ու վերլուծաբաններ նաեւ Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Պելճիքայէն եւ աշխարհի այլ երկիրներէ: Գիտաժողովի աշխատանքները պիտի ընթանան երեք բաժանմունքներով՝ ըստ նիւթերու:
Նիստին ընթացքին քննարկուած են նաեւ հարցեր՝ կապուած ծրագիրով նախատեսուած եւ մինչեւ տարուան աւարտը իրականացուելիք այլ նախաձեռնութիւններու, տրուած են կազմակերպչական բնոյթի յանձնարարականներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.