ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Սպիտակ տան մէջ նախագահ Պարաք Օպամայի հրաւէրով Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին, Քոնկրեսի ղեկավարութեան հետ կայացած հանդիպման ձախողութենէն ետք, Սպիտակ տունը յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ յիշեցուց, որ Ներկայացուցիչներու տունը կարողութիւնն ունի վերջ տալու այս տագնապին, որ ծանր վնաս կը հասցնէ տնտեսութեան եւ բազմաթիւ ընտանիքներու:
Սակայն, Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական ղեկավարութիւնը Հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ որեւէ համաձայնութիւն կախեալ է «Օպամաքեր»ի գործադրութիւնը կասեցնելու պայմանէն, ինչ որ բանակցելի կէտ մը չէ կառավարութեան համար:
Միւս կողմէ, «Էն.Պի.Սի.» կայանը հաղորդեց, որ ըստ «Այ.Էյչ.Էս. Կլոպըլ Ինսայթ» խորհրդատուական ընկերութեան կատարած հետազօտութեան՝ պետական հաստատութիւններուն մասնակի փակումը ու կառավարութեան գործունէութեան մասնակի դադրեցումը ժամական 12.5 միլիոն տոլարի, օրական 300 միլիոն տոլարի, իսկ շաբաթական 1.6 միլիառ տոլարի վնաս կը պատճառէ: Պատկերասփիւռի կայանը նաեւ նշեց, թէ հարկատուները իւրաքանչիւր ժամ կը շարունակեն միլիոններ վճարել կառավարութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.