
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, «Պի.Պի.Սի.».- Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան որոշած է լքել թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 31 տարեկան Նալպանտեանը այս մասին տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է, որ տուածը դժուար որոշում մըն էր, սակայն այլընտրանք չկար իրեն համար: «Աջ ուսէս վիրաւորուելով՝ բաւական երկար ժամանակ հեռու մնացի թենիսի դաշտերէն: Ամէն անգամ, որ կը կարծէի, թէ անիկա ապաքինումի նշաններ ցոյց կու տայ, դարձեալ բարդոյթներ կը ստեղծուէին: Նոյեմբերին Արժանթինի մէջ զիս վերջին անգամ պիտի տեսնէք թենիսի դաշտերուն վրայ, երբ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի դէմ կատարեմ իմ հրաժեշտի մրցումս», ըսած է Նալպանտեան:
Իր 13 տարուան արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, Նալպանտեան տիրացած է 11 մրցաշարքերու տիտղոսներու, իսկ 2002ին հասած է «Ուիմպըլտըն»ի աւարտականին: 2005ին, ան խլած է տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկներու մրցաշարքը հանդիսացող «Մեսթըրզ Քափ»ի բաժակին, իսկ բոլոր մրցաշարքերէն ապահոված իր մրցանակներուն գումարը 11,123,125 տոլար եղած է: Նալպանտեան նաեւ կրցած է առնուազն կիսաւարտականի հասնիլ աշխարհի չորս կարեւորագոյն մրցաշարքերուն՝ «Կրենտ Սլեմ»ներուն մէջ, իսկ Մարտ 2006ին հանդիսացած է երրորդ լաւագոյն մարզիկը: Ան նաեւ Արժանթինի հաւաքականին հետ երեք անգամ (2011ին, 2008ին եւ 2006ին) աւարտականի հասած է, սակայն չէ կրցած ախոյեանութեան տիտղոսը խլել: