ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին եւ «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ կատարուած միացեալ հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ ամերիկացի ժողովուրդին 49 առ հարիւրը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի արտաքին քաղաքականութեան համամիտ չէ: Յունիսի սկիզբը կատարուած նման հարցախոյզի մը համաձայն՝ այդ համեմատութիւնը 39 տոկոս էր:
Նոր հարցախոյզի մասնակիցներուն 40 առ հարիւրը յայտնած է, որ Օպամայի որդեգրած արտաքին քաղաքականութեան համամիտ է, մինչ մնացեալ մասնակիցները կեցուածք չեն որդեգրած: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 52 առ հարիւրը մերժած է Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Օպամայի վարած քաղաքականութիւնը, իսկ 82 առ հարիւրը զօրակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ քիմիական զէնքերը միջազգային հսկողութեան տակ դնելու ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան, սակայն անոնց մեծ մասը մտահոգ է, որ Դամասկոս կրնայ այդ համաձայնութիւնը չյարգել: Հակառակ այս մտավախութեան՝ հարցախոյզի մասնակցիներուն մեծամասնութիւնը շեշտած է, որ այդ մէկը Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածի մը ձեռնարկելը չ՛արդարացներ:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 68 առ հարիւրը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ գործի լծուելու պատասխանատուութիւնը չունի, իսկ 64 առ հարիւրը ըսած է, որ Օպամայի վարչակազմը Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթընի նպատակները յստակ կերպով չէ բացատրած:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 39 առ հարիւրը թեր արտայայտուած է Իրանի նկատմամբ որդեգրուած քաղաքականութեան, իսկ 44 առ հարիւրը՝ դէմ: Նաեւ, 25 առ հարիւրը համաձայն գտնուած է այն կարծիքին, թէ Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւնները յառաջիկայ ամիսներուն պիտի բարելաւուին, իսկ 33 տոկոսը այն կարծիքին է, թէ անոնք պիտի վատթարանան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.