ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ոչնչացման հարցով ՄԱԿի որոշումի գործադրութեան պատասխանատու միջազգային մասնագէտներու խմբակը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին սկսած է իր աշխատանքին: Այս առիթով, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ոչնչացման աշխատանքին ընթացք առնելը կը հաստատէ, թէ «մենք շիտակ ճամբու վրայ ենք»:
Իր կարգին, ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտնեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ոչնչացումը պիտի հարթէ զանգուածային քանդումի զէնքերէ զերծ շրջանի մը ստեղծման ճամբան: Ան վստահեցուց, որ քիմիական զէնքերու ոչնչացումը պիտի ստեղծէ քաղաքական թափ մը, որ «մեզի պիտի օգնէ հասնելու Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման»:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի շեշտեց, թէ միջսուրիական երկխօսութեան գաղափարի գլխաւոր հեղինակը Դամասկոսն է, որ սկսած է պատրաստուելու «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի մասնակցութեան: Զողպի ընդգծեց, որ «անոնք, որոնք «Քայիտա»ի կամ «Ճապհաթ Նուսրա»ի նման կազմակերպութեանց անդամներ եւ աջակցողներ են, երկխօսութեան մաս չեն կրնար կազմել»:
Նաեւ, Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտնեց, թէ ըստ նախնական գնահատումի՝ 30 ամիսէ ի վեր շարունակուող սուրիական տագնապին պատճառած վնասները շուրջ 16 միլիառ տոլարի հասած են: Ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը պատրաստէ վերակառուցման ծրագիր մը, որ ընթացք պիտի առնէ, երբ ապահովութիւնը վերահաստատուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.